Յունիսի 14-ին Դիլիջանի մէջ կայացած է Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի աշխատանքային հանդիպումը։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգին առնչուող հարցեր։ Ընդգծուած է երկկողմ շարունակական երկխօսութեան կարեւորութիւնը՝ տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման ուղղուած ջանքերու պարունակին մէջ:
Կողմերը նաեւ միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու քաղաքացիական հասարակութիւններու միջեւ փոխվստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու վերաբերեալ։
Արմէն Գրիգորեանը եւ Հիքմեթ Հաճիեւը պայմանաւորուած են շարունակել աշխատանքային շփումները՝ նշելով, որ յաջորդ հանդիպումը պիտի կայանայ Ատրպէյճանի մէջ:
Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարի գրասենեակը «Արմենփրէս»-ին տրուած բացառիկ մեկնաբանութեամբ պարզաբանած է, թէ ինչպէս է Հաճիեւը ժամանած է Հայաստան։
«-Ադրբեջանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաջիեւը եւ նրան ուղեկցող պատուիրակութիւնը Հայաստան են ժամանել ցամաքային սահմանի սահմանազատուած եւ սահմանագծուած հատուածով՝ անցնելով բոլոր համապատասխան ընթացակարգերը»: