image
Հրատապ լուրեր:

Հայկական Հալէպի հեռանկարը յստակ չէ. Յակոբ Չաքրեան

Հայկական  Հալէպի հեռանկարը յստակ չէ. Յակոբ Չաքրեան

«Հայկական Հալէպի հեռանկարը յստակ չէ: Ըստ երեւոյթին ռուսերու աջակցութեամբ Պաշշար Ասատի զօրքերը Հալէպը շրջափակած են եւ  շուտով կը պատրաստուին վերջնական հարուածին, եթէ յաջողին, Հալէպը կը մնայ Պաշշար Ասատի գերիշխանութեան տակ»,-«Արեւելք»-ին ըսաւ թրքագէտ Յակոբ Չաքրեան:

Նշենք, որ վերջերս, Մուսուլի եւ Ռաքքայի մէջ քիւրտերը Ամերիկեան նեցուկով ու երբեմն հակոտնեայ դիրքերով կը կռուին Սուրիոյ իշխանութեան կողքին, երբեմն ալ`  այդ իշխանութեանց  դէմ: Թրքագէտը յայտնեց, թէ Ուաշինկթըն եւ նոյնիսկ Պարաք Օպամա  անձամբ մի քանի անգամ յայտարարած են, թէ Հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերը Ուաշինկթընի ցամաքային զօրքերն են»: Օպամա յայտարարած է նաեւ, թէ Միացեալ Նահանգները պատերազմ կը մղէ քիւրտերու միջոցով: Չաքրեան այս    մասին խօսելով ըսաւ. «Իրաքի մէջ այդ կռիւը  կ′ընթանայ Բէշմարքայի ուժերու միջոցաւ, իսկ Հիւսիսային Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքին մէջ՝ քրտական  դեմոկրատական (YPK) ուժերու միջոցաւ, «Ալ Նուսրա» ճակատի եւ Տահէշի դէմ»:

Անոր կարծիքով գլխաւոր խնդիրը Մուսուլն ու Ռաքքան Տահէշէն մաքրելը չէ, այլ այդ շրջանները մաքրուելէն յետոյ՝ որո՞ւն պիտի յանձնուին: Հաւանական նկատելով, որ Իրաքի մէջ, Պարազանիի զօրքերուն «վարձատրութիւն»ը պիտի ըլլայ Քէրքուքը, իսկ հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերունը՝ ինքնավարութիւնը,  ըստ մեր խօսակիցին  այս  բոլորին մէջ  վճռորոշը հիւսիսային Սուրիա-Թուրքիա 993  քլմ. երկարութիւն  ունեցող  սահմանն է, որուն 900 քլմ.ը քիւրտերու վերահսկողութեան տակ է:  Չաքրեան նաեւ կը կարծէ, որ Ռաքքայի հարցը բարդ է, որովհետեւ Ռաքքայէն մինչեւ Իրաքի սահման, ուր նաւթահորեր կը գտնուին այդ սահմանի երկայնքին, յստակ չէ, թէ ամերիկացիները որուն կ′ուզեն յանձնել: «Սպիտակ Տունը յայտարարած է՝ Ռաքքայի մէջ ներկայիս տեղական մարմինները ճիհատականներն են՝ տահէշականները: Բնակչութիւնն ալ խիտ չէ: Յամենայնդէպս, եթէ քիւրտերը Մուսուլի ազատագրման մասնակցին, Սուրիոյ մէջ ալ Ռաքքայի ազատման նկամամբ բան մը կրնան ընել»,- ըսաւ Չաքրեան:

Ան, տարածաշրջանային բաժանումներուն անդրադառնալով, յայտնեց. «Փաստացիօրէն, Իրաքը բաժնուած է 3 մասերու՝ Քիւրտիստանի շրջան, Կեդրոնական հատուած, որ Քիւրտիստանէն մինչեւ Պաղտատ է, հոնկէ ալ մինչեւ Պասրա: Այս բաժանման ծրագիրը, երբ Ամերիկայի պէս պետութիւն մը կ′իրագործէ, դժուար չէ անոր ղեկը ճշդել: Նոյն վտանգը կը սպառնայ նաեւ Սուրիոյ: Կ′ենթադրեմ, որ Սուրիան եւս  կը մասնատուի 3 գօտիներու՝ հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերը, Պաշշար  Ասատի ենթակայութեան տակ գտնուող տարածքը եւ մնացեալը»:

«Արեւելք»-ի զրուցակիցը յիշեցնելով ընթերցողներուն, Ճոն Քէրիի անպատկառ յայտարարութիւնը, թէ «Ալ Նուսրան չափաւոր ընդդիմութիւն է», աւելցուց. «Ամերիկացիներուն համար մեծ տարբերութիւն չի ներկայացներ՝ այդ «մնացեալը» կ′ըլլայ «Ալ Նուսրա՞», Տահէ՞շ, «Ժայշ Ալ Իսլա՞մ»,  թէ «Ժայշ Ալ ֆա՞թհ»:

Տարածաշրջանին մէջ գտնուող քրտական ուժերուն սահմանափակ շարժման ակնարկելով, ան յայտնեց, թէ իրաքեան 2-րդ պատերազմէն յետոյ ամերիկացիները թողեցին, որ հիւսիսային Իրաքի Քիւրտիստանը զոհ դառնայ: «Էրտողան վերջերս, ուղղակիօրէն զանոնք զգուշացուց Ռաքքա մտնելէն, ըսելով. «Յանկարծ չփորձէք մտնել»: Իսկ Հալէպ մուտքն ալ՝ Ռուսիան չ′արտօներ: Չաքրեան  բացայայտեց, թէ Ամերիկա Պարազանիէն խնդրած է յետաձգել Իրաքի Քիւրտիստանի անկախութան հռչակումը, որուն Իսրայէլ անմիջապէս արձագանգած է, թէ պատրաստ է ճանչնալ  այդ անկախութիւնը: Քիւրտիստանը ստեղծուած է, ունի բանակ, դրօշ, նաւթ եւ խորհրդարան, ներկայացուցչութիւններ ալ ունի դուրսը, այսինքն բոլոր հիմքերը կան, կը մնայ Ուաշինկթընի թոյլատուութիւնը: Անկէ ետք Իսրայէլը կը ճանչնայ, հետեւաբար Ամերիկան, որմէ ետք Անգլիան եւ միւս երկիրները: Եթէ Քիւրտիստանը ճանչցուի, հերթի մէջ պիտի ըլլան հիւսիսային Սուրիոյ քիւրտերը: Անոնք Ասատի զօրքերուն հետ չեն համագործակցիր: Անոնք կը պայքարին Տահէշի եւ «Ալ Նուսրա»ի դէմ: Միասնական համատեղ պայքար չկայ: Քիւրտը կ′ազատէ այդ տարածքները եւ կ′իւրացնէ զանոնք: Ասատի զօրքերուն համար շատ դժուար է քրտական շրջաններու վրայ յարձակիլ, անոնք նոյնիսկ բախումներ կրնան ունենալ, որովհետեւ իրենց գերիշխանութիւնը կը հաստատեն ազատագրեալ տարածքներու վրայ: Ինչպէ՞ս կրնան համագործակցիլ: Ըստ Չաքրեանի   ռուսերը  կարեւոր դեր ունին  խաղալիք այս բոլոր զարգացումներուն վերաբերեալ: Ան այս առումով ըսաւ. «Հոս, ռուսերուն դերակատարութիւնը մեծ է: Արդեօ՞ք կ′աջակցին Ասատին, որ չէզոքացնէ այդ քրտական ինքնուրոյնութիւնը՝ Քոպանիի, Գամիշլիի, Իրաքի սահմանէն մինչեւ Աֆրին: Բոլոր այդ շրջանները քիւրտերու տիրապետութեան տակ են: Ճարապլուսը կը մնայ առանցքային բաժին, որ գրաւած են թուրքերը: Եթէ Ամերիկան թուրքերու վրայ ճնշում բանեցնէ եւ անոնք դուրս գան, Իրաքի եւ Սուրիոյ սահմանի երկայնքով կը ստեղծուի քրտական գօտի»,- բացայայտեց Չաքրեան:

Քրտական այս գօտիին ստեղծման ազդեցութիւնները ներկայացնելով, ան շարունակեց. «Քիւրտերը նահանջելու տեղ կ′ունենան: Ինչպէս տահէշականները Թուրքիոյ սահմանէն կու գային, կը կռուէին, ետ կը փախչէին, այնպէս ալ քիւրտերը պիտի ընեն, կ′երթան թուրքերու հետ կը կռուին, թիկունք եւ աջակցութիւն կ′ունենան: Այս մէկը կ′ոգեւորէ նաեւ Թուրքիա բնակող քիւրտերը: Թուրքերու եւ քիւրտերու յարաբերութիւնները այնքան սրուած են, յուլիսի պատիժ-գործողութիւններէն յետոյ, մարդկանց պարէտային ժամ յայտարարած են, անժամկէտ, մի քանի ամսուան համար: Անոնց չեն թոյլատրեր մեռելները, իրենց մեռելները  թաղել: Թուրք-քիւրտ եղբայրութեան մասին կը խօսուի, սակայն ո՞վ կը հաւատայ»:

«Արեւելք»-ին հետ իր զրոյցի աւարտին Չաքրեան դիտել տուաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու նոր նախագահի ընտրութիւնը, որեւէ անդրադարձ չ'ունենար Ռաքքայի եւ Մուսուլի մէջ   ընթացող   զարգացումներուն  վերաբերեալ: «Ծրագիր մը կայ, որ կ′իրականացուի, հետեւաբար, եթէ պետականօրէն ընդունուած է, նախագահի փոփոխութիւնը որեւէ ազդեցութիւն չ'ունենար անոր վրայ: Արդէն իսկ նոր նախագահը 20 յունուարին պիտի ստանձնէ իր նախագահական պարտաւորութիւնները»,- եզրափակեց ան: