image

Անցեալ Ապրիլէն ի վեր անհետացած լիբանանահայ զինուոր Փաթրիք Պեքարեան՝ սպաննուած

Անցեալ Ապրիլէն ի վեր անհետացած լիբանանահայ զինուոր Փաթրիք Պեքարեան՝ սպաննուած

«Արեւելք» (Լիբանան) – Լիբանանեան աղբիւրներու հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Լիբանանի նախագահական պալատի պահակախումբի՝ «Հանրապետական պահակագունդ»ի անդամ, զահլէաբնակ հայազգի Փաթրիք Անդրանիկ Պեքարեան սպաննուած է։

Պեքարեան անհետացած էր անցեալ Ապրիլ ամսուան ընթացքին՝ Հարաւային Լիբանանի Ժտայտըթ Մարժայուն քաղաք մեկնելէ ետք, ուր, ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, կ՚ուղղուէր իր ընկերուհիին այցելելու նպատակով։

Անոր անհետացումէն ետք ընտանեկան պարագաները, յատկապէս՝ մայրը, կարեւորագոյն եւ հետեւողական ճիգեր իրականացուցած էին՝ հայազգի երիտասարդ զինուորականը յայտնաբերելու եւ անոր ճակատագիրը պարզելու համար։

Անոր մահուան ճշգրիտ հանգամանքները առայժմ կը մնան անյայտ։ Պաշտօնական մարմինները տակաւին մանրամասն հաղորդագրութիւն չեն հրապարակած դէպքի հանգամանքներուն վերաբերեալ։