ԱՄՆ-ը Իրանի դէմ յարձակումներու նոր ալիք սկսած է։ Այս մասին նշուած է ԱՄՆ-ի Կեդրոնական հրամանատարութեան X-ի պաշտօնական էջին վրայ։
«Այս հարուածները նպատակ ունին հետագային նուազեցնելու այն ռազմական կարողութիւնները, զորս իրանական ուժերը գործածած են Հորմուզի նեղուցին մէջ առեւտրային նաւագնացութեան դէմ յարձակումներ գործելու համար», -նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։