Ազգային Ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ըսած է, որ «համաղոժովրդական շրժումը չի կրնար չյաթել»:
«Մենք կը վերլուծենք սենարները: Այն ժողովուրդը, որ զգացած է յաղթանակի շունչը, չի կրնար ձեռքերէն ձգել յաղթանակը: Այն, ինչ գրասենեակներու եւ դահլիճներու մէջ տեղի կ՛ունենայ, արդէն էական չէ: Էականն այն է, որ Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-ժողովուրդ հին կապը այլեւս պիտի չըլլայ»,-mediamax-ի հաղորդմամբ՝ ըսած է Փաշինեան:
Ան համոզուած է, որ Հայաստանի ժողովրդավարական ապագային որեւէ բան չի սպառնար:
Խօսելով հնարաւոր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութեան մասին, ան ըսած է.
«Մենք բոլոր սենարներուն պատրաստ ենք: Քաղաքական իրավիճակը ամէն օր կը փոխուի եւ շուտով պիտի փոխուի ամէն ժամ»: