image

Հայաստանի ժողովրդավարական ապագային որեւէ վտանգ չի սպառնար. Փաշինեան

Հայաստանի ժողովրդավարական ապագային որեւէ վտանգ   չի սպառնար. Փաշինեան

Ազգային Ժողովի «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար, ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան այսօր ըսած է, որ «համաղոժովրդական շրժումը չի կրնար չյաթել»:

«Մենք կը վերլուծենք սենարները: Այն ժողովուրդը, որ զգացած է յաղթանակի շունչը, չի կրնար ձեռքերէն ձգել յաղթանակը: Այն, ինչ գրասենեակներու եւ դահլիճներու մէջ տեղի կ՛ունենայ, արդէն էական չէ: Էականն այն է, որ Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-ժողովուրդ հին կապը այլեւս պիտի չըլլայ»,-mediamax-ի հաղորդմամբ՝ ըսած է Փաշինեան:

Ան համոզուած է, որ Հայաստանի ժողովրդավարական ապագային որեւէ բան չի սպառնար:

Խօսելով հնարաւոր արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց մասնակցութեան մասին, ան ըսած է.

«Մենք բոլոր սենարներուն պատրաստ ենք: Քաղաքական իրավիճակը ամէն օր կը փոխուի եւ շուտով պիտի փոխուի ամէն ժամ»: