NEWS.am-ի տեղեկութիւններով՝ ՀՀ ոստիկանապետ Վալերի Օսիպեանն աշխատանքէն հեռանալու դիմում գրած է։ Կը սպասուի, որ պաշտօնական հաղորդագրութիւն տարածուի այսօր։ Այս տեղեկութիւնը NEWS.am-ը փորձած է ճշդել Ոստիկանութեան լրատուական ծառայութենէն, սակայն զանգերը անպատասխան մնացած են։
Աղբիւրի տեղեկութիւններով, Օսիպեանը դիմումը գրած է երէկ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կայացած Անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք:
Նշենք, որ մամուլին յայտնի դարձած է, որ հրաժարական պիտի տան ուժային բոլոր կառոյցներու ղեկավարները։
Յիշեցնենք, որ 16 սեպտեմբերին հրաժարական ներկայացուցած էր ԱԱԾ տնօրէն Արթուր Վանեցեանը՝ յայտարարելով, որ իշխանութեան գործելաոճը «ընդհանուր ոչինչ չունի սպայի արժանապատւութեան հետ. սպայի ուսադիրն ու զարգացումներու նման ընթացքն անհամատեղելի են։ Իմ հրաժարականը թող ըլլայ «Կանգ ա՛ռ»-ի սթափեցնող քայլ»։