Իսթանպուլի դատարանը ներկայացուցած է պոլսահայ լրագրող, «Ակօս» թերթի նախկին գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործի վերաբերեալ մանրամասն վճիռը՝ Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական ճանչցուած կիւլէնական շարժման ղեկավար Ֆեթհուլլա Կիւլէնի հետեւորդները մեղադրելով սպանութեան կազմակերպման համար, յայտնած է Ahval թերթը։
Յիշեցնենք, որ այս տարուան 26 Մարտին Իսթանպուլի 14-րդ բարձր դատարանին մէջ հրապարակուած էր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավճիռը: Դատարանը ոստիկանութեան նախկին բարձրաստիճան սպաներ Ռամազան Աքիւրեքը եւ Ալի Ֆուաթ Եըլմազերը դատապարտած է ցմահ ազատազրկման` «մտածուած սպանութեան» յօդուածով: Մեղադրեալ Եըլմազերը առանձին դատապարտուած է նաեւ 4 տարի 6 ամիս ազատազրկման` «պաշտօնական փաստաթուղթը վերացնելու» համար, իսկ մեղադրեալ Աքիւրեքը` 5 տարի 7 ամիս 15 օր ազատազրկման՝ «պաշտօնական փաստաթուղթը վերացնելու» եւ 7 տարի 6 ամիս ազատազրկման` «փաստաթուղթեր կեղծելու» համար:
4532 էջանոց վճռի համաձայն՝ Իսթանպուլի 14-րդ դատարանը Հրանդ Տինքի սպանութիւնը վերագրած է Կիւլէնի «Հիզմեթ» շարժման՝ մասնաւորապէս ոստիկանութեան նախկին բարձրաստիճան սպաներ Ֆարուք Սարըին, Ռամազան Աքիւրեքին եւ Ալի Ֆուաթ Եըլմազերին։ Վերջին երկուքը կը մեղադրուին սպանութիւնը մշակելու եւ շարժման շահերն առաջ տանելու նպատակով հետաքննութեան խոչընդոտելու համար։
Հրանդ Տինքը սպանուած է 19 Յունուար 2007-ին` ՊոլսոյՇիշլի թաղամասին մէջ գտնվող «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ` 16-ամեայ թուրք ազգայնական Օկիւն Սամասթի կրակոցէն: