Հալէպահայ մանկաբոյժ Մատլէն Շամլեանը «Արեւելք»ին պատմեց հայաստանեան իր փորձառութեան մասին
-Ինչպէ՞ս որոշեցիք Հայաստան հաստատուիլ։
Հալէպի պատերազմի առաջին օրերէն իմ տանս տեղը արդէն վտանգաւոր շրջան էր, ինչի պատճառով ալ ես իմ տունէս ելած էի եւ ուրիշ՝ աւելի ապահով թաղամասի մէջ գտնուող՝ ազգականներէս մէկուն տունը կը մնայի: Սկզբնական շրջանին միտք չունէինք դուրս գալու, երեք տարի ապրեցանք Հալէպի պատերազմը, բացի պայմաններու բացակայութենէն ու զրկանքէն, ամէն տեսակ վտանգի՝ հրթիռներու ականատես եղանք: Երկար համբերելէ ետք, մեր դուրս գալու որոշումը առինք Հաէպի համար շատ արիւնալի օր մը՝ 10 Ապրիլ 2015-ին, այդ օրը հայկական թաղամասին վրայ մեծ քանակութեամբ հրթիռներ արձակուեցան ահաբեկիչներուն կողմէն եւ շատ մեծ կորուստներ եւ մահեր եղան, մարդիկ խաղաղ իրենց տան մէջ պառկած վիճակով մահացան, այդ օրը որոշեցինք որ մենք այլեւս իրօք պէտք է դուրս գանք Սուրիայէն եւ որոշում կայացուցինք որ մենք Հայաստան պիտի գանք, որովհետեւ մեզի համար ամենահարազատ վայրն է Հայաստանը եւ այդպիսով, այդ արիւնալի օրէն 3 ամիս ետք՝ 28 յուլիս 2015-ին մենք արդէն մտանք Երեւան:
-Աշխատանքի մէջ դժուարութիւններ ունեցաք: Դիւրաւ կրցա՞ք հայաստանեան բժշկական օրէնքներուն յարմարուիլ, տարբերութիւնները մե՞ծ են:
Քանի որ մենք հաստատուելու նպատակով եկած էինք Երեւան, մեր հասնելու յաջորդ օրն իսկ արդէն սկսանք աշխատանք փնտռել:Ես որպէս բժշկուհի դիմեցի առողջապահութեան նախարարութիւն, սակայն նախարարութեան առաջարկած աշխատանքները Երեւանէն դուրս էին, շրջաներուն մէջ, ինչը ինծի յարմար չէր, որովհետեւ տղաքս Երեւանի մէջ պիտի ուսանէին եւ ես սկսայ տարբեր բժշկական կեդրոններ անձամբ դիմել եւ այդպիսով չորրոդ հիւանդանոցին մէջ՝ Սուրբ Աստուածամայր հիւանդանոց գործի ընդունուեցայ որպէս հերթապահ մանկաբուժ, դժուարութիւններ սկսզբնական շրջանին բնակաբար կար, բայց հիւանդանոցի տնօրէն բժիշկ Նիկոլայ Դալլաքեան շատ բարեհամբոյր գտնուեցաւ եւ կրցայ մէկ ամսուայ ընթացքին ընտելաանալ նոր միջավայրին, ինչին համար շատ շնորհակալ եւ երախտապարտ եմ Բժիշկ Դալլաքեանին, որ այդ առիթը ընձեռեց ինծի եւ վստահեցաւ:
Գիտաան առումով, բժշկական գիտելիքի առումով տարբերութիւններ չկան, հիմնական տարբերութիւնը բժշկութեան հանդէպ ժողովուրդի մտածելակերպի, աշխատանքի ձեւի մէջ է: Ես Հալէպ 20 տարուայ մանկաբոյժ էի արդէն, անձնական քլինիք ունէի, հիւանդանոցի մէջ ալ կ'աշխատէի, համալսարանը դասախօս էի, իսկ այստեղ աշխատանքի ձեւը տարբեր է, բժիշկը պէտք է հերթապահութիւն ունենայ հիւանդանոցին մէջ, որպէսզի իրաւունք ունենայ հիւանդ պահելու, հիւանդ բուժելու եւ անշուշտ աշխատավարձ ստանալու եւ այսպիսով 20 տարի ետք այսօր ետ հերթապահութիւն սկսայ ընել, ինչը հեշտ չէ, յոգնեցուցիչ եւ բաւականին ծանր աշխատանք է եւ ինծի կը դիմեն թէ հալէպահայ եւ թէ ալ տեղացի հիւանդներ։
-Երբ սուրիահայեր նոր սկսած էին Հայաստան գալ, 2012-2013-ի թուականներուն, յաճախ հրապարակումներ կ'ըլլային այն մասին, որ սուրիահայ բժիշկներ պարբերաբար հանդիպումներ կ'ունենան առողջապահութեան նախարարին հետ, իրենց աշխատանքային հարցերուն լուծում տալու համար, այսօր դեռ հարցեր կան, սուրիահայ բժիշկներ առանձին համախմբում մը ունին Երեւանի մէջ կամ կը քննարկո՞ւի այդպիսի բան:
Ճիշդը ես Հայաստան եկած եմ համարեայ 3 տարի առաջ, սակայն ոչ մէկ անգամ նման հանդիպումներու մասին չեմ լսած, ոչ մէկ անգամ սուրիահայ բժիշկներու հարցերու լուծման նուիրուած հանդիպում քննարկում չէ եղած: Առողջապահութեան նախարարութիւնը ոչ մէկ անգամ չէ հարցուցած թէ ես աշխատանք ունիմ թէ ոչ, ինչ դժուարութիւններ եւ պահանջքներ ունիմ, ինչպէս ըսի, իմ աշխատանքս նոյնիսկ անձնական ձեւով գտայ եւ ինքնորոյն կ'աշխատիմ:
Ձեր հարցումը շատ տեղին է, բայց դժբախտաբար, ցաւօք սրտի այստեղ սուրիահայ բժիշկներու համախմբում կամ այդպիսի հանդիպումներ չկան։Եւ վստահ եմ, որ այս ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը աւելի քան կարեւոր է։
-Հիմա որ Հալէպ խաղաղ վիճակի մը մէջ կը գտնուի, խօսքեր կան, որ շատեր կը վերադառնան, արդեօք դո՞ւք ալ կը մտածէք վերադարձի մասին:
Ճիշդ է, Հալէպի մէջ վիճակը այսօր աւելի խաղաղ է, բայց այդ խաղաղութիւնը հարիւր տոկոս չէ, քաղաքական գետնի վրայ դեռ կայունութիւն չկայ, միշտ նոր զարգացումներ կ'ըլլան: Այս շրջանին Հալէպ վերադառնալ կը մտածեն այն մարդիկը, որոնք իրենց գաղթած երկիրներուն մէջ յաջողութիւին չգտան ՝ աշխատանքի առումով:
Այս հարցի վերաբերեալ ամէն ընտանիք իր անհատական պարագան ունի եւ անոր համաձայն որոշում կը կայացնէ: Ինչքան ես գիտեմ, վերադարձողներու քանակը քիչ է, օրինակ Հայաստանի պարագային, Հալէպ վերադարձան այն ընտանիքները, որոնք բաւարար աշխատանք չունեցան, որովհետեւ Հայաստանի մէջ անհնար է առանց եկամուտ ունենալու տան վարձք տալ եւ յարատեւել, մանաւադ որ ապրուստը բաւական սուղ է: Իսկ անոնք որոնք կրցան համապտասխան աշխատանք գտնել եւ առաջին շրջանի դժուարութիւններ յաղթահարեցին անոնք ըստ ինծի չեն վերադառնար: Ես անձամբ առայժմ չեմ մտածեր վերադառնալ, բայց ապագային ինչ մտքեր կ'ունենամ չեմ գիտեր, որովհետեւ ներկայիս ես ու ամուսինս կ'աշխատինք, զաւակներս կ'ուսանին եւ ճիշդ չէ կիսատ թողել եւ վերադառնալ ճիշդ չէ, առաւել մենք Հայաստանը շատ կը սիրենք, ուրախ ենք, որ մեր հայ ժողովուրդին հետ կ'ապրինք, բաւական ընտելացանք ժողովուրդին, ունինք մեր բարեկամները, եթէ յաջողուի տուն մըն ալ ունենանք շատ աւելի լաւ կ'ըլլայ, երկրի մէջ սկիզբ առած այս փոփոխութիւններէն ետք մանաւանդ, եթէ բարելաւում ըլլայ կը կարծեմ դժգոհողներու թիւը շատ կը նուազի: