image

Հայաստան ապրելէ ետք Լիբանանի մէջ ես պարապութիւն մը զգացի.Անուշ Թասլաքեան

Հայաստան ապրելէ   ետք Լիբանանի  մէջ  ես  պարապութիւն մը զգացի.Անուշ Թասլաքեան

 «Արեւելք»ի  հարցումներուն կը պատասխանէ Լիբանանահայ  կենսաբան   Անուշ Թասլաքեան։ Այնճար ծնած   հայուհին     նախնական ուսումը ստացած է  տեղւոյն «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան  վարժարան»ին մէջ, որմէ ետք      Պէյրութի մէջ  հետեւած եւ աւարտած Լիբանանի պետական համալսարանի կենսաբանութեան բաժինը։ 2017-ի օգոստոսէն ի վեր  հաստատուած է Հայաստան ՝Երեւան, ուր կը շարունակէ իր մագիտրոսական ուսումը, Ամերիկեան համալսարանէն ներս, հանրային առողջապահութիւն մասնագիտութեամբ (public health specialist):

-Ի՞նչ տարբերութիւններ գտաք Պէյրութի եւ Հայաստանի ուսումնական մեթոտներուն միջեւ, կայի՞ն արդեօք խանգարող տարբերութիւններ, թէ՞ հեշտ էր  յամարուիլ ուսումնառութեան այս նոր հանգրուանին:

Ես այս հարցի շուրջ շատ առարկայական մօտեցում  պիտի ունենամ եւ ըսեմ,  որ Լիբանանեան համալսարանին եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանին միջեւ շատ մեծ, հսկայական տարբերութիւն կայ, սկսած ուսումնական համակարգէն։ Բոլորին յայտնի է, որ ֆրանսական (Լիբանանի պարագային) եւ ամերիկեան ուսումնական համակարգերը  շատ տարբեր են, այդ մէկը որպէս ուսանող ամենամեծ մարտահրաւէր էր  ինծի համար։ Հետեւաբար, կրնամ ըսել, որ այո, կան ուսումնական, ուսուցման մեթոտներու տարբեր մօտեցումներ, չմոռնանաք նաեւ միջավայրի փոփոխութիւնը, սակայն կարելի եղաւ այդ բոլորին յարմարուիլ եւ ուսման ընթացքը բնականոն կերպով անցընել:

 

-Ձեր կարծիքով, մեծ տարբերութիւն  կա՞յ Հայաստան ծնած, մեծցած ուսանողին եւ սփիւռքահայ, յատկապէս, Միջին Արեւելքէն Երեւան հաստատուծ ուսանողին աշխարհայեացքներուն մէջ:

Աշխարհայեացքներու տարբերութեան վերաբերեալ  տարբերութիւններ ըլլալու հարցը կրնամ ըսել որ շատ յարաբերական է, որովհետեւ բազմազան տեսակի մարդիկ կան, ըլլայ Հայաստան ծնած մեծցածներու մէջ, ըլլայ սփիւռքի տարբեր գաղութներէն Երեւան հաստատուածներուն մէջ: Օրինակ, կան մարդիկ, որ խտրականութիւն կը դնեն, լիբանանահայ կամ սուրիահայ ուսանողները երբեմն շատ մեկուսացուած կը զգան, ես ալ սկզբնական շրջանին երբեմն մեկուսացուած կը զգայի, անշուշտ հիմա այդպէս չէ, բայց միւս ֆաքուլթէթներէն ինչ որ լսած եմ, կան ուսանողներ, որ շատ խտրականութեամբ կը մօտենան սփիւռքահայ ուսանողին, կան նաեւ, որ շատ գրկաբաց կ'ընդունին, ինչպէս իմ դասընկերներս: Այս մէկը  նաեւ կախեալ է ուսանողէն, եթէ սփիւռքահայ ուսանողը փորձէ ինքզինք մեկուսցնել կը  մեկուսանայ,  իսկ եթէ փորձէ շաղուիլ, խառնուիլ իրենց հետ, գտնել նոյնանման հետաքրքրութիւններ  այն  ատեն բոլոր տարբերութիւնները   կը վերանան եւ բոլորը կը դառնան մէկ։

-Յաճախ կը լսենք, որ Հայաստանը  շատ բան կրնայ օգտուիլ մանաւանդ բազմամշակոյթ մօտեցում ունեցող՝  սփիւռքէն ժամանած մարդոցմէ, անոնց ստացած գիտութենէն: Ինչքանո՞վ ճիշդ է այդ մէկը:

Ինչ կը վերաբերի ձեր նշած պնդման, որ սփիւռքէն օգտուելիք ունի Հայաստանը, ի հարկէ ունի, միանշանակ, որովհետեւ, նախ եթէ   մարդագրական (տեմոկրաֆիք) տեսանկիւնէ խօսինք,Հայաստանի համար շահեկան է, երբ որ բնակչութիւնը կը հարստանայ հայերով եւ ոչ թէ արտերկրէն եկած ուսանողներով. ամենապարզ օրինակը հնդիկներն են, որ այժմ, այս պահուն լեցուած են Հայաստանի մէջ, ուսման կամ այլ աշխատանքային նպատակներով։ Հայաստանը  անշուշտ  պիտի  նախընտրէ եւ կարիքը ունի հայ ազգի ուսանողի, աշխատողի կամ սփիւռքէն եկած մասնագէտի, որ միեւնոյն ժամանակ տարբեր մշակոյթի կրողն է։ Անշուշտ, ոչ միայն Երեւանի, այլ նաեւ մարզերուն  համար, որովհետեւ ինչպէս միշտ՝ մարզերը արհամարհուած են: Կը կարծեմ պետութիւնը պէտք է մարզերուն մէջ եւս համալսարանական ծրագիրներ ունենայ, որպէսզի ուսանողներ նաեւ այնտեղ լեցուին եւ մարզերը եւս  ետ չմնան ու  միայն Երեւանը առաջ չերթայ:

 

- Այսօր երբ արդէն Հայաստան կ'ապրիս,  Լիբանանը ի՞նչ նշանակութիւն ունի քեզի համար, արդեօք Հայաստանը  կրցա՞ւ փոխարինել  Լիբանանին:  Հայաստանը իր արդար տեղը գրաւե՞ց  քու հոգեբանութեանդ, քու աշխարհայեացքիդ , քու մշակոյթիդ մէջ:

Հայաստանը, ո՛չ, Լիբանանին չի փոխարիներ, բայց երբ արձակուրդիս երկու ամսով  Լիբանան գացի, այդ յագեցումը չզգացի: Ինչ կը վերաբերի իմ հոգեբանութեան, ես ինծի լիարժէք չէի զգար Լիբանանի մէջ, եւ Հայաստան վերադառնալէ ետք, այդ չփոխուեցաւ, մէկը միւսին չլրացուց: Ինծի կը թուայ, որ ամէն ինչ կախուած է ինծմէ, ես կը ստեղծեմ, ես կը պահպանեմ իմ ուրախութիւնը, իմ երջանկութիւնը, իմ գործունէութիւնը,  բոլոր ոլորտներուն մէջ, ըլլայ այն ուսումնական կամ աշխատանքային:

 

-Ի՞նչ երազներ կը կապես այս երկրին հետ, արդեօք կ'ուզե՞ս վերջնականապէս հաստատուիլ եւ աշխատանքային ասպարէզդ  հոս շարունակել, թէ՞  կ'ուզես յարմար առիթով մը աւելի յառաջադէմ երկիր մը մեկնիլ:

Աշխատանքային ասպարէզի թեմայով, հաստատուելու միտքեր կան ի հարկէ, այնպէս չէ, որ այս երկիրը խոստմնալից երկիր չէ: Ես շատ մեծ յոյսեր կը ներդնեմ այս երկրին մէջ, որվհետեւ, սփիւռքահայուն՝ հայրենիքի կապուածութեան զգացմունքները կան։ Ինչ կը վերաբերի իմ ասպարէզիս, շատ խոստմնալից է, որովհետեւ  հանրային առողջապահութեան ոլորտին մէջ, շատ մեծ քայլեր կ'ըլլան, այս ոլորտը զարգանալու ճամբուն վրայ  է։ Այդ մէկը ես տեսայ  հանրային քննարկումներու ժամանակ, որոնք տեղի ունեցան Առողջապահութեան նախարարութեան եւ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի գործակցութեամբ, որոնց ես ալ մասնակից էի եւ շատ դրական մթնոլորտ կը տիրէր այնտեղ, երեւելի էր, որ գործ պիտի տարուի եւ միայն դատարկ խոստումներ չեն:

Ես մեծ յոյսով կը նայիմ այս ամէն փոփոխութիւններուն եւ ի հարկէ այո՛, կարելի է հաստատուիլ այստեղ աշխատանքի համար։ մեր ոլորտին մէջ կը կատարուին  շատ դրական քայլեր, որ համար ես միայն ուրախ     կրնամ   ըլլալ։