«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Ատրպէյճանի մօտ գերի պահուող լիբանանահայ Մարալ Նաճարեանի քոյրը՝ Անի Նաճարեան:
-Լսեցինք, որ Ձեր քրոջ, Մարալի հարցով Լիբանանեան պետութիւնը կ'օգնէ, որոշ քայլեր առած է ազատելու համար զինք, ճի՞շդ է այս տեղեկութիւնը:
Մենք նման պահանջով դիմած ենք ե՛ւ Հայաստանի կառավարութեան, ե՛ւ Լիբանանի կառավարութեան, սակայն երկու կողմէն ալ դեռ նորութիւն չկայ: Մենք երկու կողմէն ալ կը պահանջենք, բայց թէ ով աւելի արդիւնաւէտ կ'աշխատի եւ որուն ջանքը արդիւնք պիտի բերէ, չենք գիտեր: Ատրպէյճան մինչեւ այսօր, նոյնիսկ «Կարմիր խաչ»ին արտօնութիւն չէ տուած, որպէսզի այցելէ Մարալին։
-Պատճա՞ռը:
Կ'ըսեն, որ իրենք հնարաւորութիւն չունին գերիներուն այցելելու։ Եթէ արտօնութիւն չտայ Ատրպէճանը, Կարմիր խաչը չի կրնար մտնել:
-Դուք մտադի՞ր էք բողոքի քայլերու դիմել, որպէսզի Հայաստանի կառավարութիւնը լսէ ձեր պահանջը։
Կը ներէք, այսքան ժողովուրդ, որ փողոց իջաւ, ձայն բարձրացուց, պահանջելով իրենց որդիներուն դիակները կամ անյայտ կորսուածները, ի՞նչ ստացաւ: Վասն ինչի իջնեմ փողոց, ո՞վ է մտիկ ընողը: Երբ պետութիւնը հայրենիքի համար զոհուած զինուորներու դիակները վերադարձնելու պահանջը չի կրնար բաւարարել, անյայտ կորսուած զինծառայողներու որոնման աշխատանքները չի կրնար պատշաճ եւ արագ ընել, մանաւանդ գերութեան մէջ եղող զինուորներուն հարցը լուծել, ապա մեր պահանջը պիտի բաւարարէ։
Մենք միայն կը յուսանք, որ «Կարմիր խաչ»ը շուտ շարժի, եւ կը սպասենք Եւրոդատարանէն Մարալի հարցով մեր ներկայացուցած նոր դիմումին պատասխանը։
-Դուք զղջացա՞ծ էք Հայաստան եկած ըլլալու համար:
Ոչ, Հայաստանը մեր երկիրն է: Մենք, այո՛, ծնած ենք Լիբանան, բայց մեր հայենիքը Հայաստանն է: