Վերջին երկու ամիսներուն «Հայ Տուն» նախաձեռնութեան մասին լուրերը նօսրացած են: Տեղեկութիւններ չկան Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի եւ Սուրիոյ տարբեր շրջաններու մեր հայրենակիցներուն համար «դրախտ» խոստացող այս միութեան մասին, որուն իրականացուցած «գերմարդկային» ճիգերուն շնորհիւ սուրիահայերու կարեւոր տոկոս մը այսօր արդէն հասած է Մոնթրէալ եւ Թորոնթո: Ճիշդ է նաեւ, որ ընդհանրապէս Սուրիոյ «գեհէն»էն դուրս գալու որոշումը անհատական որոշում մըն է, որուն ճիշդ կամ սխալ ըլլալուն մասին կարծիք յայտնելը իրատեսական արարք չէ, այնքան ատեն, որ ենթական խոյս կու տայ իր ծննդավայրէն փրկելու համար իր կեանքը: Այլ խօսքով, ոչ ոք իրաւունք ունի խրատներ կամ քարոզներ կարդալ ցանկացած սուրիահայու մը գլխուն, զինք մեղադրելով իբրեւ դաւաճան եւ հայրենադաւ: Կ'ապրինք բաց աշխարհի մը մէջ, որուն համար էական են մարդու ազատութիւնն ու անվտանգութիւնը: Միւս կողմէ սակայն կ'ափսոսանք, որ նոյն «Հայ Տունը» իր ցանցը նետեց դէպի Հայաստան, ու հոնկէ եւս քաղեց բազմաթիւ «զոհեր», զանոնք նախ Պէյրութ ուղարկելով ու ապա «երազային Գանատա»: Տարբեր առիթներով հրապարակուած վիճակագրական տուեալներ ցոյց տուին, որ այսօրուան Գանատան դրախտ դառնալու ոչ մէկ լուրջ յենարան ունի: Աւելին ալ կայ, որ հոն հաստատուած հայորդիներէն շատեր կը կամենան ետ դառնալ, եթէ ոչ դէպի Հալէպ ապա դէպի Երեւան: Այս ընդհանուր դրութեան մէջ հիմնական խնդիրը մնաց «Հայ Տուն»ի արարքը քննական ակնոցով դիտելու եւ ըստ այնմ գնահատականներ տալու բացակայութիւնը, որ մեր հաւաքական կեանքին մէջ դարձած է համատարած ախտ:
Մենք հարցերը փոխանակ բարձրաձայն քննելու, կը բաւարարուինք իրարու ականջին խօսիլ եւ կամ ալ համահայկական բեմերէն կը սիրենք քննարկել այնպիսի խնդիրներ, որոնք մօտիկ ապագային լուծուելու ոչ մէկ հեռանկար ունին:
Այս բոլորով մէկտեղ, մենք ցայսօր ալ շուարած ենք, թէ «Հայ Տուն» անուանումով ներկայացող նախաձեռնութիւնը դրակա՞ն էր, կամ՝ ոչ: Օգտակ՞ար էր, կամ վնասաբեր: Ազգաշէ՞ն էր, կամ կործանիչ: Վստահ ենք, որ այս խնդրին առումով մեզմէ իւրաքանչիւրը իր անհատական անկեղծ գնահատականը ունի, սակայն խնդիրն այն է, որ մենք կը սոսկանք մեր կարծիքները բարձրաձայն տալէ: Լաւագոյն պարագային կը բաւարարուինք ֆէյսպուքեան «ստատուս» մը գրելով կամ ալ «ինչքան հեռու այդքան լաւ» մօտեցումով ապրելու:
Եթէ մենք քաջութիւնը ունենանք ըսելու, որ այսօրուան Գանատան մեր տունը ըլլալու ոչ մէկ իրաւացի տուեալ ունի, ապա պատասխանած պիտի ըլլանք «Հայ Տուն»ի մասին մեր ունեցած հիմնական հարցադրումին:
Քիչ մը հռետորական պիտի հնչէ եթէ ըսենք, որ «Հայ Տուն»ը մեր տուն չի տանիր, այլ օտարի տուն, ուր հասնող հայորդիները անպայման պիտի կորսնցնեն իրենց ինքնութիւնը:
Մենք այսօր ժամացոյցի սլաքներուն դէմ կը մաքառինք ու բոլորս ալ գիտենք, որ Սփիւռքը, հակառակ տարուած մեծ ճիգերուն, կը գտնուի նախամահաքունային վիճակի մը մէջ, որմէ դուրս գալու միջոցները կարծես թէ սպառած են:
Պատճառները շատ են ու տարբեր, սակայն վստահ ենք, որ յառաջիկայ տասնամեակները սփիւռքի համար պիտի ըլլան ոչ բախտաբեր տարիներ:
Եթէ նոյնիսկ ապրի այսօրուան սփիւռքը, ապա ան իր կեանքը պիտի շարունակէ այլափոխուած, տժգունած ու հայկական ոգիէ պարպուած:
Պէտք է նաեւ նշել, որ այդ հազարաւոր հայերը, որոնք Միջին Արեւելքէն հեռաւոր Գանատաները հասան, ուժ ունէին քար մը պատելով, աղիւս շաղելով կամ կտոր մը տաք հաց պատրաստելով նոր երանգ բերել Հայաստանին:
Փոքր ազգի մեծ գործերը սկիզբ պէտք է առնեն ամէնէն աննշան, ամէնէն անյիշատակելի արարքներով, այլապէս բոլորս պիտի դառնանք փոքր ազգի մեծ քարոզներուն մնայուն զոհերը:
Այսօր դարձեալ հարց պիտի տանք՝ «Հայ Տուն», թէ՞ օտարի տուն: Իսկ եթէ պատասխանը յստակ է մեզի համար, ապա յստակ պէտք է ըլլայ նաեւ մեր դիրքորոշումը:
«Հայ Տուն»ը Հայաստանն է, գոնէ անաղարտ պահենք մեր դարաւոր սրբութիւնները: