Սուրիոյ մէջ մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող ՀՀ սակրաւորները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Հայ սակրաւորները 8-էն 25 յունիս երկարող ժամանակաշրջանին կատարած են հետազօտական եւ մաքրման աշխատանքներ եւ ականազերծած 1650 քիլոմեթր տարածք։
Այս մասին լուրը յայտնած է մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնը։ Կը նշուի նաեւ, որ մարադսիրական խումբին մաս կազմող հայ բժիշկները բժշկական օժանդակութիւն ցուցաբերած են 92 քաղաքացիներու, որոնց շարքին նաեւ 22 երեխաներու։