image
Հրատապ լուրեր:

Հանրապետութեան տօնին նուիրուած ﬕջոցառուﬓեր` Սարդարապատի մէջ

Հանրապետութեան տօնին նուիրուած ﬕջոցառուﬓեր` Սարդարապատի մէջ

Սարդարապատի մէջ այսօր մեկնարկած են Հայաստանի առաջին հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներ, որոնց կը մասնակցին Հայաստանի եւ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Սարդարապատի մէջ այսօր նախատեսուած է զինուորական շքերթ, այլ հանդիսութիւններ: 

Այսօր տօնական միջոցառումներ նախատեսուած են Հայաստանի եւ Արցախի մէջ:

Երեկոյան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ պիտի կայանայ տօնական համերգ:

Հարիւր տարի առաջ՝ 1918 թուականի մայիս 28-ին, մայիսեան հերոսամարտերէն` Սարդարապատէն, Բաշ-Ապարանէն, Ղարաքիլիսայէն ետք ծնունդ առաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութիւնը:

Առաջին Հանրապետութիւնը հիմնադրուեցաւ հայերու համար դժուարին ժամանակահատուածի եւ գոյատեւեց ընդամէնը 2 տարի՝ մինչեւ 2 դեկտեմբեր 1920 թուական, երբ Հայաստանը խորհրդայնացաւ։ 

28 մայիս 1918-ին, Թիֆլիսի մէջ Անդրկովկասեան ժողովրդավարական դաշնային հանրապետութեան փլուզումէն ետք, «Հայկական ազգային խորհուրդի» կողմէն հռչակուեցաւ Հայկական Հանրապետութիւնը (Հայաստանի Հանրապետութիւնը):

Անկախ Հայաստանի առաջին վարչապետը դարձաւ Յովհաննէս Քաջազնունին։ Հայաստանի ազգային դրօշ ընդունուեցաւ եռագոյնը՝ կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն: Անկախութեան տարեդարձի օրը` 28 մայիս 1919-ին, կառավարութիւնը, որ արդէն կը գլխաւորէր Ալեքսանտր Խատիսեանը, Հայաստանը հռչակեց Անկախ եւ Միացեալ Հանրապետութիւն: