Դամասկահայ ազգային գործիչ Անդրանիկ Մարաշլեանը, որ աշխատանքի բերումով յաճախակի Հալէպ կ'այցելէր պատերազմէն առաջ եւ պատերազմի տարիներու ընթացքին, ներկայիս, դարձեալ Հալէպ կը գտնուի եւ իր տպաւորութիւններու մասին կիսուեցաւ «Արեւելք»ին:
Ան վերջին անգամ երկուք ու կէս տարի առաջ գտնուած էր Հալէպ, եւ այսօր դարձեալ փոքր գործով մը հոն է, ինչպէս կ'ըսէ ան:
«Կրնամ ըսել, որ Հալէպ այսօր աւելի աշխոյժ է, աւելի առողջ է քան երկու տարի առաջ, այդ ժամանակ շատ տխուր էր եւ ես հոնկէ կոտրուած քանդուած ետ վերադարձած էի: Այդ գաղութը, որ սփիւռքահայութեան կորիզն էր, երկուք ու կէս տարի առաջ գրեթէ ոչնչացած էր»,-կ'ըսէ դամասկահայ գործիչը, աւելցելով, որ «այսօր ժողովուրդին երեսին վրայ գոնէ ժպիտ կը տեսնես»:
Համեմատական մը ընելով իր այցելութիւններու երու ժամանակահատուածներուն միջեւ, ան կը պատմէ, որ առաջ հայկական թաղերը ամբողջ վարագոյրներ քաշուած էին՝ դիպուկահարներէ խուսափելու համար, այսօր այդ վարագոյրները չկան, ժողովուրդը իրենց տուները դարձած են:
Սակայն համեմատականը տանելով նախքան պատերազմեան շրջանին հետ, մեր զրուցակիցը կը պատմէ, որ տնտեսական առումով մեծ փոփոխութիւն կայ, «Հալէպ երբ պատերազմէն առաջ կու գային, խանութներուն մէջ աշխոյժ առեւտուր կ'ըլլար, այսօր ուշադրութիւնս գրաւեց, որ խանութներուն մէջ յաճախորդներ կան, բայց մէկը բան մը չի գներ, կը մտնեն, կը դիտեն եւ դուրս կու գան»,-կ'ըսէ ան:
Գալով հայկական իրականութեան մէջ տեղ գտած նկատելի փոփոխութեան, ըստ մեր զրուցակիցի, երկու ցաւալի իրականութիւններու ականատես եղած է, որոնց մասին պատմելով կ'ըսէ. « Օրինակի համար, Հալէպի մէջ հայկական ձայնասկաւառակներ վաճարող խանութ մը կար, որուն ամէն գալուս անպայման կ'այցելէի եւ հայկական ձայնասկաւառակներ, ֆիլմեր կը գնէի, այս գալուս նոյնպէս շտապեցի այնտեղ, բայց դժբախտաբար այլեւս գոց է այդ խնութը»,- աւելցնելով, որ այսօր շատ մը հայկական խանութներ, որոնք դուրսէն եկողներ կ'ուզէին այցելել, նոյնպէս գոց են, «անոնց տէրերը ճամբորդած են, մէկը Գանատա, մէկը Հայաստան»:
Մեր զրուցակցին տխրեցնող երկրորդ նկատողութիւնը որ ունեցած է, հայկական երգի եւ հայերէն խօսակցութեան բացակայութիւնն է՝ հայկական թաղամասերէն»:
Առաջ, երբ հայկական թաղերէն կ'անցնէինք, ուր հայ արհեստաւորներու խանութներ կային, միշտ հայերէն երգ կը հնչէր, այսօր երբ անցայ այդ նոյն փողոցերէն, հայերէն երգ չլսեցի, հակառակ որ այնտեղ դեռ հայեր կան, հայ արհեստաւորներ կան, հայկական խանութներ են, բայց հայկական երգը չի հնչեր, ինչո՞ւ, զարմանալի է քիչ մը ինծի համար», -պատմեց Մարաշլեանը, յիշելով նաեւ, որ «Սուլայմանիա թաղամասի մէջ նոյնպէս, նախապէս ճամբան երբ կը քալէիր, միշտ հայերէն խօսողներ կ'ըլլային , այսօր հազուադէպ է այդ մէկը, թիւը նուազած է հալէպահայութեան, այդ մէկը շատ յստակ կ'երեւի»:
Դամասկոսահայ գործիչը սակայն շեշտեց, որ Հալէպը ընդհանրապէս այսօր շատ աւելի լաւ է քան երկուք ու կէս տարի առաջ էր, յոյս յայտնելով, որ մօտ ապագային դարձեալ կամաց- կամաց հալէպահայ ժողովուրդը ետ կը վերադառնայ, եւ եզրափակելով իր խօսքը շեշտեց՝ «եթէ հալէպահայութիւնը չվերադառնայ, ապա Հալէպը որպէս Սուրիոյ ճարտարարուեստի կարեւորագոյն քաղաք պիտի չվերադառնայ իր անցեալի փառքին»: