image

Հալէպի օդակայանը վերաբացուեցաւ. Տեղի ունեցած է Հալէպ-Դամասկոս առաջին թռիչքը (Լուսանկարներ)

Հալէպի օդակայանը վերաբացուեցաւ. Տեղի ունեցած է Հալէպ-Դամասկոս առաջին թռիչքը (Լուսանկարներ)

Հալէպի օդակայանը այս առաւօտ վերաբացուած է։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեր թերթի Հալէպի աշխատակիցներէն՝  Յակոբ Նալպանտէն։

Նալպանտ, որ այս առաւօտ  կապ հաստատեց մեր հետ նաեւ նշեց, որ այսօր առաւօտուն իրականացուած է Հալէպ-Դամասկոս եւ աւելի ուշ իրականացուեցաւ Հալէպ-Պէյրութ թռիչքը։

Մեր  աշխատակիցին  կարծիքով   Հալէպի օդակայանի վերաբացումը կը կարեւորուի շրջանային պետութիւններու ինչպէս նաեւ Սուրիոյ  հակամարտութեան մէջ  տարբեր մակարդակի մասնակցութիւն  եւ դեր  վերցուցած կողմերու դրական տեսակէտով Սուրիոյ տագնապը քաղաքական ճանապարհներով լուծելու վերաբերեալ։

Կան տեղեկութիւններ, որ յառաջիկայ փուլին պիտի վերականգնին Հալէպ-Երեւան թռիչքները, սակայն այդ մասին պաշտօնական ոչ մէկ  տեղեկութիւն առկայ է։

Յիշեցնենք, որ 8 տարուան դադարէ ետք, Հալէպի օդակայանի աշխատանքները սկիզբ առած էին անցեալ մարտին, երբ Սուրիոյ բանակը կարողացած էր իր տիրապետութեան տակ առնել Հալէպի արուարձանային այն հատուածները, որոնք կը գտնուէին իսլամիստներու  տիրապետութեան  տակ։