Սուրիոյ բանակը կը շարունակէ յառաջանալ Հալէպի հին թաղամասերուն ուղղութեամբ: Նշենք, որ բանակը երէկ իր տիրապետութեան տակ առած էր Ալ Ֆարաֆիրա շրջանը: Լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ այդ շրջաններուն մէջ եղած են թէժ մարտեր ու հակառակ շրջանի թաղամասերուն նեղ դրոյթին բանակը կարողացած է արագ եւ կտրուկ քայլերով յառաջանալ եւ տիրապետել այդ շրջաններուն: Իր կարգին «Ալ Հայաթ» պարբերականի լրագրողը այս առաւօտ կը գրէ, թէ հակառակ մօտիկ անցեալի Սուրիոյ բանակին,իրանեան եւ ռուսական ուժերուն միջեւ առկայ «բաց»ին այսօր այդ երեք ուժերը բացայայտ համագործակցութեամբ մը կը շարունակեն մարտերը եւ մինչեւ այս պահը այդ շրջաններուն մէջ թէժ մարտեր կը գրանցուին: Քաղաքական առումով եւ ըստ նոյն աղբիւրին Մոսկուա վճռած է ամէն գնով յաղթանակ մը գրանցել Հալէպի մէջ եւ այս մէկը նախքան Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններու կայացումը: Ինչ կը վերաբերի Հալէպի հայկական շրջաններուն եւ ըստ «Արեւելք»ի աղբիւրին, հայկական թաղամասերուն մէջ իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ խաղաղ եւ ապահով: Ըստ մեր աղբիւրին երէկ թէժ մարտեր գրանցուած են նաեւ Նոր Գիւղ հայկական թաղամասին հանդիպակաց մասին մէջ գտնուող Պոսթան Փաշա շրջանին մէջ: Մեր աղբիւրը յիշեցուց, որ այդ շրջանին մէջ նախքան սուրիոյ պատերազմը հայեր չեն բնակած, սակայն անոնք ունեցած են մեծ թիւով վաճառատուներ եւ խանութներ: Այսօր այդ շրջանը հիմնականին մէջ կը գտնուի «Ալ Նուրսա» ճակատի տիրապետութեան տակ եւ ըստ մեր աղբիւրին հայապատկան խանութներն ու հաստատութիւնները ամբողջութեամբ թալանուած են: Նշենք, որ Նոր Գիւղը Պոստան Փաշա շրջանէն կը բաժնուի մայրուղիով մը եւ մեր տեղեկութիւններով, երէկ այդ մայրուղղիին ուղղութեամբ ահաբեկիչներ արձակազէններէ կրակ կը բանային:
Միջազգային լրատուական աղբիւրներ, որ Հալէպի թէժ մարտերուն մատսին լուրեր կը փոխանցեն կը հաղորդեն նաեւ, որ Հալէպի արեւելեան շրջանները յայտնուած են մարդկային ծանր վիճակներու մէջ: Միջազգային «Կարմիր Խաչ» կազմակերպութիւնը եւ այլ մարդասիրական միութիւններ կոչ ուղղած են արագօրէն մարդկային անցքեր բանալ, նախնական եւ կարեւոր օգնութիւններ շրջան հասցընելու համար:
Մեր աղբիւրը այս առումով կը յայտնէ, որ սուրիիական բանակը անցնող չոդրս օրերուն բարձրախօսներով պահանջած է ահաբեկիչ զինեալներէն յանձնուիլ կամ հեռանալ, որովհետեւ անոնք վճռած են «մարտերը շարունակել մինչեւ վերջ»: