Հալէպի մէջ վաղը առաւօտեան ժամերէն սկսեալ հրադադար պիտի յայտարարուի: Այս մասին լուրը փոխանցող արաբական աղբիւրներ նաեւ կը նշեն, որ Սուրիոյ բանակը ընդունած է 48 ժամուան համար հրադադար յայտարարել: Ըստ «Արեւելք»ի աղբիւրին, երէկ կէսօրին այլ շրջաններու կողքին, նոյնպէս հրթիռներ ինկած են Սիւլայմանիյէ եւ Ազիզիյէ շրջաններուն վրայ: Մարդկային կորուստներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: Արեւմուտքի կողմէ, որպէս չափաւորական ընդդիմութիւն ճանչցուող թեւերու ներկայացուցիչներէն Ռիատ Հըժապ Գերմանիոյ մէջ մամլոյ ասուլիս մը տալով ըսած է, թէ հրադադարը պէտք է կայացուի, ոչ միայն կարգ մը քաղաքներու, այլ՝ ամբողջ Սուրիոյ մէջ: Հըժապ նաեւ դրական արտայայտուած է հրադադարի վերահաստատման վերաբերեալ: Նշենք, որ հրադադարը արդիւնք է ռուս-ամերիկեան վերջին 72 ժամերու քննարկումներուն եւ նախնական համաձայնութեան: