image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ նոր հրադադար

Հալէպի մէջ նոր  հրադադար

Հալէպի  մէջ  վաղը առաւօտեան ժամերէն սկսեալ հրադադար պիտի յայտարարուի: Այս մասին լուրը  փոխանցող արաբական աղբիւրներ  նաեւ  կը նշեն, որ  Սուրիոյ բանակը   ընդունած է  48  ժամուան համար  հրադադար յայտարարել: Ըստ  «Արեւելք»ի աղբիւրին,  երէկ կէսօրին  այլ շրջաններու կողքին, նոյնպէս  հրթիռներ ինկած են Սիւլայմանիյէ եւ Ազիզիյէ շրջաններուն   վրայ: Մարդկային կորուստներու մասին տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր: Արեւմուտքի կողմէ, որպէս չափաւորական ընդդիմութիւն   ճանչցուող թեւերու  ներկայացուցիչներէն Ռիատ Հըժապ   Գերմանիոյ մէջ   մամլոյ ասուլիս  մը տալով  ըսած է, թէ հրադադարը   պէտք է կայացուի, ոչ միայն կարգ  մը քաղաքներու, այլ՝ ամբողջ Սուրիոյ մէջ:  Հըժապ  նաեւ  դրական  արտայայտուած է  հրադադարի վերահաստատման  վերաբերեալ: Նշենք, որ հրադադարը արդիւնք է  ռուս-ամերիկեան  վերջին 72 ժամերու  քննարկումներուն եւ նախնական համաձայնութեան: