image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ մնալը մեծերուն կամքն է, փոքրերու արեան գնով... Յովիկ Շէհիրեան

Հալէպի մէջ մնալը մեծերուն  կամքն է, փոքրերու արեան գնով... Յովիկ  Շէհիրեան

Սուրիահայերը կապուած  են  իրենց զոյգ հայրենիքներուն՝ Հայաստանի եւ Սուրիոյ։ Կարելի է ըսել նաեւ, թէ Սուրիան հիմնական օճախն է համաշխարհային հայ գաղութներու ծննդեան ու կանգնումին:

Սուրիա որքան ճանչցուած էր իր բարեացակամ  ընդունելութեամբ եւ եղբայրական մօտեցումով, որ ցոյց տուաւ խեղճ ու տարագիր հայ աքսորեալներուն,  նոյնքան այսօր ճանչցուեցաւ  իր    տխուր եւ արիւնալի  էջերով: 

Նենգօրէն իր մագիլները  երկարող ու մեզ դարերէ ի վեր հալածող պատերազմն  ու տարագրային կեանքը պատճառ դարձաւ մեզի  պատերազմին հետ համակերպելու   կամ ընկղմելու «հաճոյքին» մէջ: Այսօրուան  վիճակներուն  հիմնական պատասխանատուն   աւագանի խաւն է: Երբ կայ ջուրի երկարատեւ տագնապ, անդին կայ ջուրի մատակարարում, երբ կայ արգելափակու,մ անդին կայ ընդեղէնի բաշխում: 

Արդեօ՞ք կարելի է սահմանել կեանքը ընդեղէնի ու ջուրի կերպընկալ տակառներուն մէջ: Բացի նիւթական խաբկանքներուն, կան նաեւ հոգեկան ու բարոյական խաբկանքներ,  ինչպէս՝ «Սուրիան եթէ կը սիրես, չես գաղթեր», «Մենք կանգուն ենք եւ պիտի մնանք» ...:

Իրականութիւնը այն է, որ Հալէպի մէջ մանաւանդ կանգուն մնալու «իրաւունք»ը տրուած է որոշ խաւի մը, որոնցմէ են՝ մեծատունները, վաճառականները եւ բարձրաստիճան  պաշտօնատէրները:  

Գալով հայրենասիրական  գաղափարներուն, հարցում մը կը ծագի` մի՞թէ Հալէպը լքելը ոչ հայրենասիրական հակազդեցութի՞ւն է, կամ Հալէպի մէջ նահատակուիլը քաջագործութի՞ւն է: 

Հալէպը լքելու գաղափարին օղակին մէջ, երբ չուզենք ներառնել Լիբանանը, Հայաստանն ու Եւրոպան, ապա կայ Սուրիոյ ծովեզերեայ նահանգներէն Թարթուսը, ուր վերջերս հիմը դրուեցաւ հայ կազմակերպութեան: Լաւ բան է ընդլայնել թեմին սահմանները, սակայն ցաւալի է, երբ այդ սահմանները ըլլան քարեղէն եւ ոչ մարդկային: Շատ մը հալէպահայերու դիտանկիւնէն  ամէնէն նպաստելի ուղութիւնն է Թարթուսը: 

Ճիշդ է, որ հայութիւնը   իր  բնազդով    աշխատասէր,   հաւատարիմ եւ «քարէն  հաց հանող»   ժողովուրդ է, բայց եւ այնպէս չի բաւէր ամբողջ գաղութի մը կեանքն ու ապագան սահմանել՝ հիմնուելով այդ դրական յատկանիշներուն վրայ:

Այս բոլորէն  անդին  հալէպահայութիւնն այսօր կանգնած է   ճակատագրական հարցադրումներու առաջ, եւ  Սուրիոյ  մէջ    աշխարհագրական   նոր   տարածքներ   աճեցնելու «լուծում»ը  խոր  ցաւը   պատրանաթափ ընելու  սոսկական միջոց է: 

Ցայսօր Հալէպ մնացած հայութիւնը  կարիք ունի արմատական  լուծումներու: 

 

 

 Յովիկ Շէհիրեան/ «Արեւելք»ին