image

Անթիլիասի Ուխտի Օրը՝ Հաւատքի, Աւանդութեան եւ Օրհնութեան Վեհ Տօն մը

 Անթիլիասի Ուխտի Օրը՝ Հաւատքի, Աւանդութեան եւ Օրհնութեան Վեհ Տօն մը

 Անթիլիասի Մայրավանքը դարձեալ ապրեցաւ իր հոգեւոր ուխտի վեհ պահերէն մէկը՝ հաւատքի, աւանդութեան եւ միաբանութեան խոր շունչով։ Գալստեան Կիրակիին, Մարտ 22, 2026-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սրտին մէջ համախմբուած հաւատացեալ ժողովուրդը հանդիսաւոր կերպով նշեց՝ «Անթիլիասի Ուխտի Օր»ը՝ վերապրելով մեր եկեղեցւոյ դարաւոր ժառանգութիւնը եւ նորոգելով իր ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու քրիստոնէական հաւատքին ու ազգային արժէքներուն։ Այս տօնական օրը, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վերածուեցաւ աղօթքի, օրհնութեան եւ հոգեւոր զօրացման բացառիկ առիթի մը։

 

 Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ առթիւ «Կիլիկիա» հարթակին կողմէ հրապարակուած լրատւութիւնը ՝

 

֎ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը իր Սուրբ Խորանի վարագոյրը բացաւ Գալստեան Կիրակիին, 22 Մարտ 2026-ի առաւօտուն՝ նշելով Հայրապետարանիս Ուխտի Օրը: 

֎ Հանդիսապետութեամբ Սուրբ Աթոռոյս Գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին, Մայրավանքին մէջ Սուրբ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։

 ֎ Սուրբ Պատարագի աւարտին, հայրապետական թափօրը, եկեղեցւոյ ղօղանջներուն ներքեւ եւ շրջապատուած Դպրեվանքի սաներով, Կիլիկեան Ուխտի Միաբանութեամբ, Լիբանանի Հայոց Թեմի քահանայից դասով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներով, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանէն օր մը առաջ դուրս բերուած համաքրիստոնէական եւ մեր եկեղեցւոյ սուրբերու սրբազան մասունքներուն եւ մեր հաւատքի հօր՝ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետին աջին ուղեկցութեամբ, շրջեցաւ Մայրավանքի շրջափակը եւ ուխտաւորներուն բաշխեց մասունքներուն օրհնութիւնը։ 

֎ Ապա, Վեհափառ Հայրապետը բարձրացաւ Սուրբ Խորան եւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի սրբազան աջով կատարեց ջրօհնէքի արարողութիւն։

֎ Նշենք, որ Մայր Տաճարի Սուրբ Խորանին վրայ դրուեցան Լուսաւորչի աջը, ինչպէս նաեւ սուրբ Սեղբեստրոս ու սուրբ Նիկողայոս հայրապետներուն եւ Պարսամ ճգնաւորին աջերը, որոնք միաբան հայրերու հսկողութեան ներքոյ այդտեղ մնացին մինչեւ ուշ երեկոյ։