image

Պոլիս.Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները առաջնութիւն նուաճեցին «Թեքնովասիոն» միջվարժարանային մրցոյթին

Պոլիս.Կեդրոնական վարժարանի աշակերտները առաջնութիւն նուաճեցին «Թեքնովասիոն» միջվարժարանային մրցոյթին

Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանի 11րդ դասարանի չորս աշակերտուհիներ պատուաբեր յաջողութիւն  արձանագրած են թեքնիք նորարարութեան ոլորտին նուիրուած միջազգային ծրագրի 7րդ հանգրուանին։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կեդրոնական վարժարանի 11րդ դասարանի չորս աշակերտուհիներ՝ Թալիա Գույումճու, Սառա Տէմիրճեան, Լիանա Ա. Գույումճեան եւ Անիթա Չիլինկիր, մեծ ուրախութիւն պատճառեցին մեր համայնքին, պատուաբեր յաջողութիւն մը արձանագրելով թեքնիք նորարարութեան ոլորտին նուիրուած միջազգային ծրագրի 7րդ հանգրուանին։ Ծրագիրը նպատակ ունի թափ հաղորդել կին ձեռնարկատէրերու նախաձեռնութիւններուն՝ «ՍԹԵՄ»ի լոյսին տակ։ Իսկ ի՞նչ է «ՍԹԵՄ»ը։ Այս մօտեցման նպատակն է հզօրացնել անհատները՝ յաջողութեան հասնելու եւ շարունակաբար փոփոխուող աշխարհին յարմարելու հմտութիւններով։ Ծրագիրը կը խրախուսէ որ աշակերտները սորվին ո՛չ թէ անգիր ընելով, այլ հետազօտելով, հարցումներ մէջտեղ դնելով եւ քննադատաբար մտածելով։ Այս մօտեցումը կը զարգացնէ աշակերտներու վերլուծական, ստեղծագործական եւ խնդիրներ լուծելու կարողութիւնները։ Եւ ուրեմն՝

Կեդրոնականցի չորս աշակերտուհիները, որոնք մրցումին պատրաստուած էին մենթոր Ալէն Թաշճըօղլուի հսկողութեան ներքեւ, 21 Փետրուարին մասնակցեցան «ՍԹԵՄ»ի շրջագծով նորարարական մրցում-ձեռնարկի մը, որ կայացաւ «Հիսար» դպրոցներու ցանցի հիւրընկալութեամբ, «Սապանճը» թուային աւանին մէջ։

Միջոցառման ընթացքին Կեդրոնական վարժարանի խումբը արժանացաւ առաջին մրցանակի։ Աշակերտուհիները յաջողութեամբ ներկայացուցին «Թափանցիկ արտադրողականութիւն» անունով նախագիծը, զոր մշակած էին ՄԱԿի կայուն զարգացման 12րդ նպատակի, «Պատասխանատու արտադրութիւն եւ սպառում» թէմայի շրջագծով։

Երիտասարդուհիները դատակազմի կողմէ ստացան բարձր նիշեր՝ շրջակայ միջավայրի կայունութեան եւ գիտակից սպառումներու մասին իրազեկումը բարձրացնելու նպատակով իրենց նորարար գաղափարներու եւ զանոնք յաջողապէս ներկայացնելու համար։ Անոնք մեծ ծափերու արժանացան խնդիրներու լուծման հմտութիւններով եւ ապագայի համարձակ տեսլականին առ ի գնահատանք։

Կը շնորհաւորենք աշակերտուհիները, իրենց մենթոր ուսուցիչն ու Կեդրոնականի ընտանիքը։