image

ՀԲԸՄի կրթանպաստներու ծրագիրը կ՛ընդարձակուի

ՀԲԸՄի կրթանպաստներու ծրագիրը կ՛ընդարձակուի

ՀԲԸՄը բացուած կը յայտարարէ 2026-2027 տարեշրջանի կրթանպաստներու դիմումի շրջանը՝ նշելով նաեւ, թէ կատարուած են ընդունման պայմաններուն, յատկացումներու ծաւալին եւ մասնագիտական կարգ մը մարզերու տրուած նախապատուութեան վերաբերեալ բարեփոխումներ: Այս փոփոխութիւնները կը նպատակադրեն քաջալերել այն դիմողները, որոնց մասնագիտական հետաքրքրութիւնները կը համապատասխանեն ՀԲԸՄի առաքելութեան՝ ուղղուած հայութեան յառաջընթացին եւ հասարակական շրջանակներու վրայ ազդեցութեան:

Յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին, ՀԲԸՄի կրթանպաստները իւրաքանչիւր ուսանողի համար 10,000 տոլարի սահմաններուն մէջ պիտի ըլլան: Կարգ մը բացառիկ թեկնածուներու պարագային, այդ գումարները կրնան 20,000 տոլարի հասնիլ:

Յատկացումներու այս յաւելումները որոշուած են զանոնք աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով, նաեւ նկատի ունենալով բարձրագոյն ուսման սղաճը, մանաւանդ այն ուսանողներու համար, որոնք լաւագոյն համալսարաններու մէջ մասնագիտական եւ արհեստավարժական ձեռքբերումներու ուղղութեամբ փայլուն աշխատանք կը տանին:

Բարեփոխուած կառոյցը նախապատուութիւն կու տայ այն մասնագիտութիւններուն, որոնք կը սատարեն Հայաստանի եւ համայնքային, հանրային եւ տնտեսական համընդհանուր զարգացման: Այս մասնագիտութիւնները կը վերաբերին հայագիտութեան, կրթութեան, միջազգային յարաբերութիւններու, դիւանագիտութեան եւ քաղաքական գիտութիւններու, լրագրութեան եւ լրատուութեան, բժշկութեան եւ հանրային առողջապահութեան, կատարողական արուեստներու, կրօնագիտութեան, հանրային շրջանակներու վրայ ազդեցութեան, տնտեսութեան, գիտութեան, ճարտարարուեստի, ճարտարագիտութեան եւ թուաբանական մարզերուն:

ՀԲԸՄը նաեւ դիմումներու ընդունման համար պահանջուած նիշերու միջինը բարձրացուցած է 3.7ի, Միացեալ Նահանգներու մէջ ուսումնառութեան համար, իսկ 3.5ի՝ այլ շրջաններու պարագային: Թեկնածուները կը գնահատուին նաեւ իրենց յաճախած համալսարաններու որակին եւ մրցունակութեան հիմքով:

«Իրենց ուսումնական գերազանցութեան զուգահեռ, դիմողներէն կ՛ակնկալուի, որ հայ իրականութեան հետ զօրաւոր կապակցութիւն ունենան, դրսեւորուած հանրային ծառայութեամբ, առաջնորդ դերերու ստանձնումով եւ հայ կեանքի մասնակցութեամբ», կ՛ըսէ Կենդրոնական վարչութեան անդամ Լենա Սարգիսեան։

ՀԲԸՄի կրթանպաստները տրամադրելի են հայկական ծագում ունեցող ուսանողներու, որոնք ուսումնական գերազանցութիւն կը ցուցաբերեն եւ պէտք ունին նիւթական աջակցութեան: Բացառութիւն կը կազմէ «Հայ արուեստի եւ մշակոյթի Հելէն Ս. Էվընզ ուսումնաշնորհ»ը, որուն կրնան դիմել թեկնածուներ, անկախ իրենց հայկական ծագումէն: Բոլոր դիմողները պէտք է ընդունուած ըլլան եւ լման դրութեամբ յաճախէն մասնագիտական աստիճան շնորհող համալսարան մը, այլ աղբիւրներէ ապահոված ըլլան իրենց կրթաթոշակին կարեւոր մէկ բաժինը եւ կարող ըլլան բարձրագոյն ուսման ծախսերու համար այդ աջակցութիւնը ստանալ շարունակաբար յաջորդական երեք տարիներու ընթացքին:

Իր ընձեռած նիւթական օժանդակութեան առընթեր, ՀԲԸՄը կը շարունակէ աջակցիլ ուսանողներուն, անոնց համար կազմակերպելով շրջանային տարբեր ընկերային ծանօթացման հանդիպումներ, ասպարէզային վարժողական հեռավար միջոցառումներ, խորհրդատուութիւն եւ համապատասխան այլ ծրագիրներ, որոնք կը քաջալերեն սերտ կապերու պահպանումը հայկական համայնքներուն հետ:

Այլ մանրամասնութիւններու համար այցելել կայքէջը: