Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յուսահատութեան դրսեւորում որակած է ԱՄՆ-ի սպառնալիքները երկրի ուժանիւթային ենթակառուցուածքներուն հարուածներու վերաբերեալ։ Այս մասին ան գրած է X-ի իր էջին։
«Իրանը քարտէզի վրայէն ջնջելու պատրանքը ցոյց կու տայ յուսահատութիւն պատմութիւն կերտող ազգի կամքի առջեւ։ Սպառնալիքներն ու ահաբեկումը միայն կ՚ամրացնեն մեր միասնութիւնը», - գրած է Իրանի նախագահը։
Փեզեշքիանը աւելցուցած է, որ Հորմուզի նեղուցը բաց է բոլորի համար, բացի անոնցմէ, որոնք ոտնձգութիւն կը կատարեն Իրանի նկատմամբ։
«Մենք զառանցագին սպառնալիքներուն վճռականօրէն կը դիմակայենք մարտադաշտին մէջ»,– նշած է ան։
Աւելի վաղ Թրամփ Թեհրանին 48 ժամ տուած էր Հորմուզի նեղուցը բանալու համար՝ սպառնալով հակառակ պարագային ոչնչացնել Իրանի տարբեր ելեկտրակայաններ՝ սկսելով ամենամեծէն։