image

Հալէպի արուարձաններուն մէջ ռուսական բժշկական կէտեր պիտի հիմնուին

Հալէպի արուարձաններուն մէջ ռուսական բժշկական կէտեր պիտի հիմնուին

Հալէպի Թալ Ալ-Սուս արուարձանին մէջ, այսօր՝ 25 սեպտեմբերին ռուսական նախաձեռնութեամբ բժշկական կեդրոն մը պիտի բացուի: 

 

Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է բժշկական խումբի նախագահ Անթուան Սամիրնոֆ5 յայտնելով, որ «շրջանի բնակիչներու ունեցած հիւանդութիւններու մեծ մասը ջուրի պակասէն առաջ եկած խնդիրներ ու մարսողական համակարգի հիւանդութիւններ են:Իսկ երեխաներու մօտ աւելի շատ կոկորդի հիւանդութիւններ են: Ան նշած է, որ Հալէպի կարգ մը գիւղական շրջաններուն մէջ նոյնիսկ դեղատուն չկայ, եւ ամենամօտ  հիւանդանոցը 20 քմ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի»: 

 

Նշենք, որ ռուսական ռազմական անձնակազմը աւելի քան 2 թոն մարդասիրական օգնութիւն հասցուցած է գիւղացիներուն: 

 

Սուրիոյ մէջ հաշտեցման կեդրոնի ներկայացուցիչ Սուսլան Ցիպեուֆ յայտնած է, որ մօտ օրէն աւելի քան 4 հազար թոն շինանիւթ եւ սարքաւորումներ Սուրիա պիտի հասնին, որոնք պիտի օգտագործուին պատերազմէն վնասուած շրջաններու  վերակառուցման գործին մէջ: