image

Հակառակ ծանր պատերազմին` Հալէպի մէջ այսօր աղբէն հաց հաւաքողներ չկան. Արա Կիւմրիքեան

Հակառակ ծանր պատերազմին` Հալէպի մէջ այսօր աղբէն հաց հաւաքողներ չկան. Արա Կիւմրիքեան

«Սուրիոյ պատերազմը երկար է, քանի որ 2 երկիրներու պատերազմ չէ, Հայաստան-Ազրպէյճան պատերազմ չէ, ամէնուն պատերազմը հոն է, մանաւանդ՝ Հալէպը, որ այս պատերազմին մէջ անկիւնադարձային կէտ կը համարուի»,-«Արեւելք»-ին ըսաւ հալէպահայ Արա Կիւմրիւքեան: Կիւմրիքեան, որ երեք շաբթուան համար կը գտնուէր Երեւան,  նաեւ նկատել տուաւ, որ «այս պատերազմը կը նմանի երկու փիղերու մենամարտին, որոնց ոտքերուն տակ կը ճզմուին փոքր ազգերն ու ժողովուրդները: Մասնակիցները յաճախ վարձկաններ են, նոյնիսկ չեն գիտէր Սուրիոյ ուր գտնուած տեղը կամ իրենց հոն գալուն պատճառը»,-  աւելցուց ան:

«Եթէ այս պատերազմը չ′ըլլար, Հալէպ շրջանին մէջ 2-րդ Տուպայ մը կրնար դառնալ: Բաւականին յառաջդիմութիւն կար, մանաւանդ անկէ վերջ, երբ Թուրքիոյ հետ սահմանները բացուեցան, ինչ որ օգնեց աշխատանքային փորձերու փոխանակման եւ զարգացման: Բայց թուրքը կրկին դիմեց իր խուժանութեան: Իմ կարծիքովս եղածը սէոնիզմի ծրագիրն է, որ կ′իրականանայ, բայց այս անգամ Թուրքիոյ հիմնական դերակատարութեամբ»: Մեր խօսակիցին կարծիքով «սուրիական իշխանութիւնը կը տարբերի արաբական միւս իշխանութիւններէն եւ անոնց ընդհանուր մտայնութիւնէն: Սուրիոյ նախկին նախագահ՝ Հաֆէզ Ալ Ասատ, ժամանակին ստիպեց Ամերիկայի նախկին նախագահ՝ Պիլ Քլինթընը Ժընեւ գալ մասնակցելու այդ օրերուն ընթացող արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան համար լուծումներ որոնող բարձրագոյն ժողովի մը: Ան շատ խոհեմ ու սրամիտ մարդ էր: Անոր որդին, ներկայ նախագահը՝ Պաշշար Ալ Ասատը՝ բժիշկ է: Ճիշդ է, որ քաղաքական տան մէջ մեծցած է, բայց լաւ չիմացաւ, որ քաղաքականութեան մէջ բարեկամներ չկան, սիրոյ պատմութիւններ չկան, երէկուան թշնամին կրնայ վաղուան բարեկամը դառնալ»,-ըսաւ Կիւմրիւքեան: Սուրիոյ ներկայ իրավիճակը ներկայացնելով, ան նշեց. «Հէնրի Քէսինճըր կ′ըսէ.  «Մենք Սուրիան ներսէն պիտի այրենք եւ իրենց ձեռքով պիտի այրենք»: Այս կը յստակացնէ, թէ այս պատերազմը դաւադրութիւն մըն է: Քիսինճըր ըսաւ նաեւ. «Երեւի Պաշշարը ամէն ինչ իմացաւ, բացի անկէ որ իր շուրջ եղող ժողովուրդին մինչ 40 առ հարիւրը անգրագէտներ են: Այդ անգրագէտ մարդիկն էին այս պատերազմին «ռահվիրաներ»ը, անոնք իրենց շարժումը սկսան իբրեւ յեղափոխութիւն, արաբական գարուն, բայց ո՛չ, ասիկա իսրայէլեան գարուն էր»Կիւմրիքեան, խօսելով Սուրիոյ պատերազմի այսօրուան փուլին մասին ըսաւ նաեւ. «Հիմա պատերազմին ամենաահաւոր փուլին մէջ ենք: Երբ Քասթելլոյի ճամբան բացուեցաւ, 250,000 պաշարուած ընդդիմադիրներ 20 բեռնակարգ ուտելիք պիտի ստանային, սակայն յաջորդ օրն իսկ «Ժապհաթ Ալ Նուսրա»ի կրօնապետը յայտարարեց, թէ արգիլուած է որեւէ բան ներմուծել իրենց շրջաններ, անկէ վերջ սուրիական բանակը քաշուեցաւ եւ ռուսական բանակի զինուորներ ստանձնեցին շրջանի ապահովութիւնը: Այսօր գետնի վրայ, սուրիական զօրքին ու կամաւորներու կողքին կան լիբանանեան «Հըզպալլա»ի ռազմիկներ, Իրանի յեղափոխական փաղանգի անդամներ, «Ալ Քուտս» միաւորումը, «Ապու Ալ Ֆատլ Ալ Ապպաս»ի ջոկատները եւ Իրաքցի կռուողներ, որոնք բոլորը եկած են Սուրիոյ բանակին նեցուկ կանգնելու: Այս բոլորէն զատ այսօր Հալէպի շուրջ եղող եւ որպէս ընդդիմադիր ճանչցուած զինեալները կը գտնուին ուժասպառ վիճակի մը մէջ»,-ըսաւ Կիւմրիքեան: Անդրադառնալով հալէպահայութեան իրավիճակին ան ըսաւ, որ այս մթնոլորտին մէջ, վերջին 4 տարիներուն, հայութեան վիճակը դարձաւ ահաւոր: «Մարդիկ իրենց տուներն ու տեղերը եւ մանաւանդ կալուածները կորսնցուցին: Անոնք բոլորն ալ հոգեբանական բարդ խնդիրներ ունեցան ու դժուար թէ անոնց իրավիճակը վերականգնուի: Մենք պատրաստ չէինք: Մարդիկ շփոթի մատնուեցան եւ բոլորին հիմնական խնդիրը անչափահասներու կեանքը ապահովելն էր: Կային ու  տակաւին կան  նուիրեալ տղաք, որոնք իրենց ես մոռնալով պահպանեցին մեր թաղերը եւ մինչեւ օրս ալ կը շարունակեն պահպանել: Բայց ալիքը մեծ էր ու կարծէք մենք կղզիացած էինք: Անմեղ զոհեր եղան: Հալէպ հասաւ այն օրին, երբ մարդիկ առաւօտ տունէն դուրս կու գան մտածելով թէ արդեօ՞ք գիշերը պիտի կրնան ետ տուն վերադառնալ: Հակառակ այս բոլորին, անոնք կը փորձէին իրենց կեանքը շարունակել եւ ձեւով մը իրենց ունեցուածքին տէր կանգնիլ: Հակառակ այս բարդ իրավիճակներուն,  Հալէպի մէջ այսօր ալ հայ հայ մուրացկան երբեք չկայ, ոչ ալ՝ աղբէն հաց հաւաքող: Մեր ժողովուրդը, բացարձակապէս մուրացկանութիւն չէ ըրած, նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ ցեղասպանութենէն փրկուելով Հալէպ հասաւ: Անոր համար սիրուած ու յարգուած ենք բոլորէն, բացի որ երբեմն ծայրայեղ ընդդիմադիրները մեր դէմ կ′արտայայտուին, ան ալ Թուրքիոյ թելադրանքով, որովհետեւ իրենց գործողութիւններու կեդրոնը Ատանա է, եւ հրամանները հոնկէ կը ստանան»: Ըստ Արա Կիւմրիքեանի ունեցած տեղեկութիւններուն, այսօր Հալէպի հայութեան թիւը կը տարուբերի 8000-էն 15000-ի միջեւ: Հայկական դպրոցները մեծ մասամբ դատարկ են: ՀԲԸՄ-ի Լազար Նաճարեան ճեմարանը, որ կը գտնուի մասամբ մը ապահով Ազիզիէ շրջանին , տակաւին կը գործէ: Ճեմարանի աշակերտները Ազգ.Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ կը շարունակեն իրենց դասերը, ինչպէս 4 ազգ. դպրոցներ, որոնք միաւորուեցան: Շտապ օգնութեան մարմնի դասաւորմամբ օժանդակութիւններ կը տրուին մարդոց՝ տուներու վերանորոգման, ինչպէս նաեւ ուտելիքի ծանրոցներ կը բաժնուիննոյնպէս ՀԲԸՄ-ի մասնակցութեամբ: Հայ Աւետարանական եկեղեցին բժշկական անվճար ծառայութիւններ եւ դեղեր կը մատուցէ եւ նոյնիսկ Հայաստան անվճար տեղափոխուելու համար օժանդակութիւններ կը տրուին: