image

Գանատաբնակ սուրիահայ տիկիններ Հալէպի իրենց դպրոցին համար դրամահաւաք կատարած են

Գանատաբնակ     սուրիահայ   տիկիններ   Հալէպի  իրենց   դպրոցին  համար  դրամահաւաք  կատարած են

Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի       գանատաբնակ    շրջանաւարտներ,  իրենց վարժարանին օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով, պարանցիկ ճաշկերոյթ  մը կազմակերպած են: Այս մասին «Արեւելք»   տեղեկացաւ  Գանատայի իր աղբիւրէն: Ձեռնարկը  տեղի ունեցած  25    մարտին Թորոնթոյի մէջ:

Միջոցառման բեմավար՝ Դալար Սիմոնեան, իր խօսքին մէջ Քարեն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի ներկայ շրջանի մասին վիճակագրական տուեալներ փոխանցելով, յայտարարած է, որ  վարժարանը       իր նախկին   շէնք վերադարձած է 11 սեպտեմբեր 2017-ին: Ներկայիս ճիմարանի աշակերտութեան թիւն է  360 է, Ճեմարանը այժմ ունի 14 դասարաններ՝ 7-րդ, 8-րդ 9-րդ եւ 10-րդ կարգ երկու բաժանումներով, ինչպէս նաեւ 11-րդ եւ 12-րդ կարգ՝ 3 բաժանումիվ՝ իր գիտական եւ գրական բաժիններով: Ճեմարանէն ներս կը պաշտօնավարեն 45 պաշտօնեաներ, 36 ուսուցիչներ եւ 22 վարչական կազմ եւ ան ունի երեք օդոքար:

Ան նաեւ նշած է, որ   Քարեն Եփփէ Շջանաւրտից Միութիւնը իր գործունէութիւնը կը շարունակէ նոյն աշխոյժութեամբ, կազմակերպելով տարեկան՝ գիրքերու ցուցահանդէս, «հայաստղեր» նուագախումբ, թատերգութիւն, բանակում եւ պարահանդէս:

Երեկոյին Հալէպէն իրենց խօսքը յղած են նաեւ Ճեմարանի խնմակալութիւնը եւ տնօրէնը, ողջունելով գանատաբնակ իրենց շրջանաւարտներու այս նախաձեռնութիւնը եւ յայտնելով, որ իրենցմով է որ ճեմարանը այսօր եւս կը յարատեւէ մնալ հայկական օճախ: