Հալէպի Քարէն Եփփէ ճեմարանի գանատաբնակ շրջանաւարտներ, իրենց վարժարանին օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով, պարանցիկ ճաշկերոյթ մը կազմակերպած են: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Գանատայի իր աղբիւրէն: Ձեռնարկը տեղի ունեցած 25 մարտին Թորոնթոյի մէջ:
Միջոցառման բեմավար՝ Դալար Սիմոնեան, իր խօսքին մէջ Քարեն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի ներկայ շրջանի մասին վիճակագրական տուեալներ փոխանցելով, յայտարարած է, որ վարժարանը իր նախկին շէնք վերադարձած է 11 սեպտեմբեր 2017-ին: Ներկայիս ճիմարանի աշակերտութեան թիւն է 360 է, Ճեմարանը այժմ ունի 14 դասարաններ՝ 7-րդ, 8-րդ 9-րդ եւ 10-րդ կարգ երկու բաժանումներով, ինչպէս նաեւ 11-րդ եւ 12-րդ կարգ՝ 3 բաժանումիվ՝ իր գիտական եւ գրական բաժիններով: Ճեմարանէն ներս կը պաշտօնավարեն 45 պաշտօնեաներ, 36 ուսուցիչներ եւ 22 վարչական կազմ եւ ան ունի երեք օդոքար:
Ան նաեւ նշած է, որ Քարեն Եփփէ Շջանաւրտից Միութիւնը իր գործունէութիւնը կը շարունակէ նոյն աշխոյժութեամբ, կազմակերպելով տարեկան՝ գիրքերու ցուցահանդէս, «հայաստղեր» նուագախումբ, թատերգութիւն, բանակում եւ պարահանդէս:
Երեկոյին Հալէպէն իրենց խօսքը յղած են նաեւ Ճեմարանի խնմակալութիւնը եւ տնօրէնը, ողջունելով գանատաբնակ իրենց շրջանաւարտներու այս նախաձեռնութիւնը եւ յայտնելով, որ իրենցմով է որ ճեմարանը այսօր եւս կը յարատեւէ մնալ հայկական օճախ: