image
Հրատապ լուրեր:

Գամիշլիի ասորիները վճռած են կառչած մնալ իրենց հողին. Al Joumhouriya (Լուսանկարներ)

Գամիշլիի ասորիները   վճռած են կառչած մնալ իրենց հողին. Al Joumhouriya (Լուսանկարներ)

Սուրիոյ  ասորիները   վճռած են կառչած մնալ  իրենց հողին: Այս մասին     օրերս րէբորթաժ  մը հրապարակած է լիբանանեան  «Ալ Ժուհուրիյա»  պարբերականը: Թերթը  նաեւ կը յիշեցնէ, որ ասորիներու գոյութեան շարունակականութեան հարցը Սուրիոյ մէջ մեծ կարեւորութեան կ'արժանանայ, որովհետեւ այս տարածքին վրայ եղած է աշխարհի մէջ առաջին ասորական թագաւորութիւնը: Սուրիոյ մէջ քրիստոնէութեան ներկայութիւնը բազմազան է եւ կը տարածուի բոլոր քրիստոնէական դաւանանքներուն վրայ, սակայն ասորի համայնքի ներկայութիւնը այլ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ իր գոյութիւնը պահպանելու համար պայքարող ժողովուրդը տակաւին կը պահէ արամերէն լեզուն՝ Յիսուս Քրիստոսի լեզուն, իր արմատները, սովորութիւնները, աւանդոյթներն ու կը մնայ կառչած իր մշակոյթին: Գամիշլիի մէջ օրեր առաջ գրանցուած անձնասպանական պայթումը, որ տեղի ունեցած էր համաշխարհային առաջին պատերազմի զոհերուն յիշատակին կանգնեցուելիք յուշարձանի տեղադրման տօնակատարութեան ժամանակ եւ որուն ներկայ եղած էր Անտիոքի եւ ամբողջ արեւելքի ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ գերագոյն ղեկավար  եւ պատրիարք   Մար Իկնատիոս Եփրեմի Բ.ը,  դարձեալ  լուսարձակի տակ  կ'առնէր ասորիներու գոյութեան հարցը եւ   կը պարզուէր, որ ասորիներու դիմադրութիւնը լաւապէս կառչած է հողին եւ   իր անվտանգութեան  խնդիրները  լուծելու համար արդէն իսկ ստեղծած է  զինուած խմբաւորումներ: Լեռնային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի ասորի  ուղղափառ եկեղեցւոյ  առաջնորդ ԺորԺ Սալիպա եպիսկոպոս, որ գտնուած էր դէպքի վայրը, «Ալ-Ժումհուրիա»ին պատմելով ըսած է՝ «Այդ առաւօտ Գամիշլին արթնցած էր մասնակցելու Համաշխարհային առաջին պատերազմին ասորի նահատակներու յիշատակին յուշարձանի տեղադրման տօնակատարութեան: Շուրջ 4000 մարդ առաջնորդուած էր դէպի յուշարձանի կանգեցման վայրը իրենց ձեռքին ունենալով խաչեր եւ վարդարաններ: Անոնք շուրջ ժամ մը պատրիարքի ետեւէն քալած էին Գամիշլիի փողոցներով՝ մինչեւ տօնակատարութեան վայրը հասնիլը: Սրահէն ներս մինչ սկսած էր խօսքերով հանդէս գալը, դուրսը պայթում մը լսուեցաւ եւ մեծ իրարանցում առաջացաւ սրահէն ներս, պատրիարքը բոլորէն խնդրեց մնալ իրենց տեղերը եւ շարունակել միջոցառումը, «որովհետեւ ասորի երիտասարդները պէտք եղած հսկողութիւնը կը կատարեն»: «Մեր երիտասարդները  հերոսներ են եւ իրենք կը պաշտպանեն մեր ժողովուրդը», ըսելով՝ սրբազանը շարունակած էր պատմել եղելութիւնը: Ան նշած է, որ անձնասպանը փորձած է իրարանցում ստեղծել եւ «երբ մօտեցած էր տօնակատարութեան հրապարակ, ասորի զինեալները փորձած էին ձերբակալել զինք եւ վերջինս  պայթեցուցած  էր  իր վրայ   կրած պայթուցիկ գօտին: Պայթումին  հետեւանքով զոհուած էին «Սոթորո»   (այս անունով կը կոչուին  ասորիներու ինքնապաշտպանական ջոկատները)  ջոկատի երկու  զինեալներ:  Հակառակ   ահաբեկչութեան տօնախմբութիւնը շարունակուած էր եւ միջոցառման  աւարտին Եփրեմ Պատրիարք ճաշած էր Գամիշլիի իր ժողովուրդին հետ»: Ինչպէս կը պատմէ  Սալիպա եպիսկոպոսը , այս միջադէպի թիրախը պատրիարքը չէր միայն, այլ  ան կը միտէր ասորիներու եւ քրիստոնեաներու Գամիշիլիէն հեռացումին համար  գետին  պատրաստել, որուն դիմաց՝ ասորիները մարզուած ջոկատներով ուզած էին   մերժել ամէն տեսակի  իրենց հողը  լքելու  համար  եղող ճնշումները եւ ապահովել իրենց  անվտանգութիւնը: Ականատես եղած արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները կը պատմեն, որ  այդ սեփական   զինուորական խմբաւորումներ  կազմակերպելու որոշումը կայացուած էր  հողին տէր կանգնելու նպատակով: Այս շրջանի մէջ եղած վտանգը ասորիներու աչքին առաջ էր, անոնք տեսած էին Խապուր գետի մօտակայ ասորական գիւղերու դատարկումը: Ներկայիս Գամիշլիի մէջ գետնի վրայ գործողը ասորական բանակն է, հակառակ այնտեղ այլ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու, քիւրտերու եւ իսլամներու գորութեան  եւ այս «բանակ»ն է, որ կը հսկէ քաղաքի մուտքերը եւ կը տարածուի փողոցներուն մէջ , արգիլելով ամէն տեսակի  ահաբեկչական տարրերու   դէպի շրջան ներթափանցում: