Ատրպէյճանի հրետակոծութեան հետեւանքով վնասուածքներ ստացած լրագրողներու տրամադրութիւնը բարձր էր. անոնք ժամեր ետք Ֆրանսա կը հասնին։
Ատրպէյճանի հրետակոծութենէն վիրաւորուած ֆրանսացի լրագրողները «Էրեբունի» Բժշկական Կեդրոնէն ուղղաթիռով տեղափոխուեցան «Զուարթնոց» օդակայան։ Այնտեղէն «Le Monde» պարբերականի երկու լրագրողները կը մեկնին Ֆրանսա։
Լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին, ֆրանսահայ բժիշկ՝ Գէորգ Աբգարեան ըսաւ, որ «Le Monde» պարբերականի լրագրող Ալան Քաւալին վիրահատած են։ Վիրահատութիւնը յաջող ընթացած է։ Տղան արկի պայթիւնի հետեւանքով բեկորային վնասուածք ստացած էր, եւ բեկորներէն մէկը որովայնին մէջ էր։ Աբգարեան վստահեցուց, որ Ալանի կեանքին վտանգ չի սպառնար:
«Le Monde» պարբերականի լրագրող՝ Ռաֆայէլ Շարլզ Եաղոպզատէն, որու վիճակը աւելի թեթեւ էր, լրագրողներուն հետ զրոյցին, պատմեց, թէ դէպքը տեղի ունեցած է Մարտունիի մէջ, երբ գործընկերոջ հետ փորձած են նկարահանման երթալ։
«Առաջին օրն էր, որ եկած էինք Արցախ։ կ'ուզէինք երթալ եւ զրուցել վիրաւորներուն հետ։ Միշտ ուշադիր ենք արտակարգ իրավիճակ լուսաբանելու ժամանակ եւ անպայման կը պատսպարուինք։ Սակայն այս պարագային պայթիւնը անմիջապէս եղաւ, ու չհասկցանք ինչպէս եղաւ»,–ըսաւ Ռաֆայէլը։
Հիւանդանոցէն օդակայան լրագրողներուն ուղեկցած էին ՀՀ-ի մօտ Ֆրանսայի դեսպան՝ Ժոնաթան Լաքոթը եւ ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան՝ Արման Թաթոյեանը։
Յիշեցնենք, որ երէկ, Արցախի Մարտունի քաղաքին մէջ հակառակորդին թիրախը դարձած էին լրագրողական խումբերը։ «Le Monde»–ի 2 թղթակիցները, «24News»–ի լրագրողն ու «Արմենիա» TV–ի աշխատակիցը վիրաւորուած էին։
Լուրը՝ armeniasputnik -էն