ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան հետ տեղի ունեցած է Ֆրանսախօս պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու 17-րդ գագաթնաժողովի նախապատրաստման եւ իրականացման միջգերատեսչական յանձնաժողովին անդրանիկ նիստը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի վարչութիւնը։
ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան նշած է, որ Հայաստանի մէջ 2018-ին պիտի կազմակերպուի ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովը եւ մեր երկիրը երկու տարի ժամկէտով պիտի ստանձնէ այս խորոշագոյն` 84 անդամ, զուգորդուած եւ դիտորդ երկիրներ ու կառավարութիւններ ընդգրկող կառոյցին նախագահութիւնը: ԱԳ նախարարին խօսքով` Հայաստանը առաջին անգամ է որ պիտի իրականացնէ այս կարգի բարձր մակարդակի, ծաւալի եւ միջազգային ընդգրկուածութեամբ ձեռնարկ: Կ՝ակնկալուի, որ գագաթնաժողովին մասնակցին շուրջ հինգ տասնեակ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ:
Կ՝ակնկալուի հարիւրէն աւելի պատուիրակութիւններու ժամանումը, ընդհանուր հիւրերուն քանակը պիտի հասնի մինչեւ 4000 մարդ: Երկօրեայ գագաթնաժողովի մեկնարկէն երեք օր առաջ պիտի կայանայ արտաքին գործոց նախարարներու համաժողով:
Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր համարած է մեր երկրին մէջ նման ծաւալով ձեռնարկի բարձր մակարդակով կազմակերպումը եւ շահագրգիռ գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն յանձնարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան գլխաւորութեամբ ստեղծուած աշխատանքային խումբին մէջ ներգրաւելու համար նշանակել յստակ պատասխանատուներ: