image

Եթէ Սուրիոյ մէջ զինուորական կշիռը փոխուի, հայերը շատ լուրջ վտանգի առջեւ պիտի գտնուին.Վիգէն Չըթրեան

Եթէ Սուրիոյ մէջ զինուորական կշիռը փոխուի, հայերը շատ լուրջ վտանգի առջեւ պիտի գտնուին.Վիգէն Չըթրեան

Քաղաքական մեկնաբան Վիգէն Չըթրեանի կարծիքով Տահէշը ամբողջովին դուրս պիտի չգայ Իրաքէն եւ տեղափոխուի Սուրիա, քանի որ Տահէշի ինքնութիւնը, գոնէ իր ողնաշարը՝ իրաքեան է: Վերլուծաբանը, խօսելով «Արեւելք»-ին յայտնեց. «Մուսուլի անկումէն ետք, Տահէշի ամենամեծ քաղաքը սուրիական Ռաքքան պիտի դառնայ: Չեմ գիտեր, թէ անոնք որքանով պատրաստ են Ռաքքայի համար մեծ ճակատամարտ մղելու, եւ կամ անապատային շրջաններու մէջ հաստատուելու: Տահէշին իր ամենամեծ քաղաքէն՝ Մուսուլէն, դուրս պիտի հանեն: Եկող շաբաթներու ընթացքին, ռազմական գետնի վրայ պիտի իրականանայ այդ մէկը, այսինքն, եթէ պատմականօրէն նայինք, Մուսուլ մէջ եղածը ոչ բնական երեւոյթ էր: Այս առաջին անգամն է, որ ճիհատական խումբ մը, Միջին Արեւելքի մէջ, մեծ քաղաք մը կը գրաւէ: 80-ականներէն ի վեր, առաջին անգամն է, որ այն պատահեցաւ՝ 2014-ին»:

Չըթրեանի խօսքով ճիհատական խումբերը զարգացած են արաբական իսլամական մշակութային տարածքներէ հեռու ծայրամասերու մէջ, ինչպէս՝ Աֆղանիստան, Չէչէնիա, եւ այլն: «Վերջին տարիներուն անոնց՝ Միջին Արեւելք գալով, պատմական տարածաշրջաններ, ինչպէս՝ Իրաք, Սուրիա եւ Եէմէն փլուզումներ ապրեցան: Այդտեղ, կեդրոնական պետութիւնները քանդուեցան՝ կա՛մ արտաքին ճնշման ներքեւ, ինչպիսին էր Իրաք, կա՛մ ներքին ճնշման արդիւնքով, ինչպիսին է Սուրիա, Եէմէն եւ շատ մը ուրիշ երկիրներ: Ամէնէն կարեւորը, որ այս պայքարի հողին վրայ եղած շարժումները, ոչ առանցքային, այլ շատ փոքր կշիռ ունեցող, դարձան տէրն ու տիրակալը արաբական եւ իսլամական պետութիւններու կարեւոր տարածքներուն: Մուսուլը այս պարագային աննախըթաց դէպք մըն էր: Կը խորհիմ, որ գոնէ այս երեւոյթը պիտի սրբագրուի»,- ըսաւ վերլուծաբանը:

Ան աւելցուց. «Մուսուլի վերագրաւումը չի նշանակեր ճիհատական շարժումներու աւարտը, այլ անոնք պիտի վերադառնան ուրկէ որ եկան: Շատ աւելի երկրորդական քաղաքներ, գիւղաքաղաքներ, անապատային շրջաններ պիտի երթան: Բաւարար պայմանները կան, որպէսզի քանի մը տարի եւս շարունակեն իրենց ռազմական եւ քաղաքական պայքարը: Անոնք արհեստական իմաստներով շատ հմուտ են, բայց ցոյց տուին, թէ քաղաքակական եւ հրապարակային գետնի վրայ, նոյն այդ երիտասարդական խումբն են, որ 70-80-ականներուն էին եւ կարող չեն շատ հմուտ քաղաքակական եւ դիւանագիտական խաղերու մէջ մտնել: Տահէշը զանազան խումբերու դաշինք մըն է: Անոնք, դաշնակցային կառոյց մը են , բայց այդ կառոյցին մէջ ողնաշարը՝ իրաքեան է եւ ես չեմ նախատեսեր, որ իրենք իրենց ամբողջ ուժերը պիտի տեղափոխեն Սուրիա: Պիտի շարունակեն մնալ եւ պայքարիլ Իրաքի մէջ, իրենց հիմնական գոյութիւն ունենալու պատճառը՝ իրաքեան ներքին պայքարն է»:

 

Թուրքիոյ դիրքորոշման եւ Անգարա-Պաղտատ յարաբերութիւններու սրացման մասին «Արեւելք»-ի զրուցակիցը յայտնեց. «Վերջին ամիսներուն Անգարա արմատական փոփոխութիւն մտցուց իր քաղաքականութեան մէջ: AKP-ի իշխանութիւն գալէն ի վեր, աթաթուրքեան այդ լոզունգը՝ «Խաղաղութիւն մեր տանը, խաղաղութիւն աշխարհին», այսինքն մենք չմիջամտենք մեր տարածաշրջանի գործերուն, պայքարներուն եւ քաղաքականութեան մէջ, մենք փորձենք մեր տունը կարգաւորել, փոխուեցաւ: Այդ լոզունգը այսօր ուժի մէջ չէ, բայց վերջին ամիսներուն, Անգարա կ′ուզէ ուղղակիօրէն ռազմական միջոցներով միջամտել, թէ՛ Սուրիոյ, եւ թէ՛ Իրաքի մէջ: Անգարայի այս նոր դիրքորոշումը 2 արգելքներու առջեւ է այսօր: Առաջինը՝ քրտական PKK-ի գործօնն է, իսկ երկրորդը՝ Պաղտատի դիրքորոշումը»:

Ակնարկելով սուրիահայերուն վրայ Միջին Արեւելքի իրադարձութիւններուն ազդեցութեան, Չըթրեան դիտել տուաւ,  որ Սուրիոյ պայքարը շատ սուր պայքար է: «Այդ պատերազմին մէջ, սուրիահայութիւնը շատ դժուար կացութեան մէջ է, ոչ թէ, քանի որ պայմանները դժուար են, այլ այս պայքարը տեղ չի տար տեղւոյն բնակչութեան, ի մասնաւորի՝ հայերուն, որպէսզի չէզոք դիրքորոշում ունենան: 1975-ին Երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պայթեցաւ, հայ համայնքը իր բոլոր կուսակցութիւններով չէզոք դիրք ընդունեց: Այսօր, Սուրիոյ մէջ, չէզոք դիրքորոշում հնարաւոր չէ: Առաջին, որովհետեւ իշխանութիւնները չեն ընդունիր, իսկ երկրորդ, ընդդիմութիւնը, որ մէկ ոճի ռազմական կառոյց մը չէ , այլ ամբոխներու բազմութիւն, այդ ամբոխներու ամենաուժեղ մասը հիմնականին մէջ իսլամիստներ են եւ հայերուն կամ ոչ սիւննի փոքրամասնութիւններուն գրեթէ անհնար է անոնց իշխանութեան տակ ապրիլ: Այս իրավիճակին մէջ շատ դժուար է հայութեան համար այնտեղ քաղաքական դիրքորոշում ընդունիլ: Այս բնաբանին մէջ, հայերը տեսնուած են իբր բրօ-ռեժիմեան համայնք եւ այնքան ժամանակ, որ համակարգը կայ, կայուն է, կը յաղթէ, հայերուն հնարաւորութիւն կու տայ գոյատեւելու, բայց եթէ այդ ռազմական եւ զինուորական կշիռը փոխուի, հայերը դարձեալ շատ լուրջ վտանգի առջեւ պիտի գտնուին»,-նշեց մեր զրուցակիցը: 

«Բացի ասկէ, այս պատմական փուլը անցնընելէն ետք, Սուրիոյ հայ համայնքը շատ նօսրացած պիտի ըլլայ: Իսկ մնացողներէն կարելի է՞ առողջ համայնք վերակառուցել, այդ մեծ հարցական է: Այս հարցումին պատասխանելու համար ոչ միայն սուրիահայերը պէտք է այդ գործին լծուին, այլ սփիւռքի հայկական կազմակերպութիւնները եւ Հայաստանի պետական կառոյցները: Մինչեւ այսօր սփիւռքը շատ թոյլ է եւ գրեթէ անզէն` նման մեծ աղէտի մը առջեւ, իսկ Հայաստանը, իբր պետութիւն, մինչեւ հիմա չունի այդ կառոյցները, որպէսզի նման պայմաններու առջեւ 100 տոկոս գոհացուցիչ աշխատանք կարենայ տանիլ: Մենք շատ մեծ գործ ունինք նման մարտահրաւէր մը տանելու համար»,- եզրափակեց Վիգէն Չըթրեան: