image

Ջերմուկի մէջ մահացած զինուորականը ամուսնացած էր եւ հայր մէկ երեխայի

Ջերմուկի մէջ մահացած զինուորականը ամուսնացած էր եւ հայր մէկ երեխայի

Ջերմուկի զօրամասի մարտական մէկ յենակէտէն միւսը անցնելու ճանապարհին, ձիւնաբուքի պայմաններուն անհետացած զինծառայողներէն 29-ամեայ Աղասի Յովհաննիսեան, որ Մարտ 22-ին մահացած է՝ Արագածաւան գիւղէն էր եւ ունէր մէկ տարեկան տղայ։

Գիւղապետարանէն պատմեցին, որ Աղասիի ընտանիքը երկար տարիներ ապրած է Արագածաւան, անոր հայրն ու եղբայրը արտագնայ աշխատանքի մեկնած են, իսկ ինք դարձած է զինուորական: Ան Ամուսնացած էր ու կ'ապրէր կնոջ ու մէկ տարեկան տղուն հետ: Գիւղապետարանէն նաեւ ըսին, որ Աղասին կը ծառայէր Քարվաճառ եւ պատերազմէն ետք Ջերմուկի զօրամաս տեղափոխուած էր։

Ձիւնաբուքի պայմաններով անհետացած միւս զինծառայողը, որ ողջ մնացած՝ էր պայմանագրային, 37-ամեայ Կարէն Շահնազարեանն է։

Շահնազարեանի կինը՝ Ագապին, պատմեց, որ ամուսինը շուրջ 15 տարի է կը ծառայէ Հայոց բանակ եւ համացանցէն իմացած է, որ ամուսինը կորած է:

Կարէն Շահնազարեանի առողջական վիճակը ըստ զինուորական հիւանդանոցի պետ՝ Վահան Գէորգեանին միջին ծանր է, ոտքերը ցրտահարուած են՝ առաջին եւ երկրորդ աստիճանի, բայց անդամահատման հարց չկայ։

Յիշեցնենք, որ 21 մարտին, խիստ ձիւնաբուքի պայմաններուն, ՀՀ ԶՈՒ N զօրամասի մարտական յենակէտէն միւս յենակէտ անցնելու ընթացքին կորած էր կապը երկու պայմանագրային զինծառայողի հետ։

22 Մարտի երեկոյեան, ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ զինծառայողներու գտնուած վայրը որոշուած է։

Մամուլով շրջանառուող լուրերու համաձայն՝ զինծառայողներու հերթափոխը քանի մը օր ուշացած է։ Երկու զինծառայողները ծխախոտ եւ վառելիք բերելու նպատակով դուրս եկած են մարտական դիրքէն եւ ուղղուած դէպի մէկ ու կէս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ տեղակայուած յենակէտ։ Վատ եղանակի պատճառով մնացած են այդտեղ եւ յաջորդ օր վերադառնալու ատեն յայտնուած են ձիւնաբուքի մէջ։

Յիշեցնենք, որ դէպքի առթիւ Եղեգնաձորի կայազօրի զինուորական դատախազութենէն ներս յարուցուած է քրէական գործ՝ անփոյթ վերաբերմունք ծառայութեան նկատմամբ յատկանիշներով:

Նիւթը՝ NEWS.am-էն