«Քիւրտ պատասխանատուները Լոնտոն հրաւիրելով, մեր նպատակն էր մօտէն ծանօթանալ այսօր հայոց պատմական հողերուն վրայ տիրող ընդհանուր իրավիճակին»,-«Արեւելք»-ին յայտնեց «Կոմիտաս հիմնարկ»ի տնօրէն եւ պատմաբան Արա Սարաֆեան: Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ ժողովի ընթացքին խօսուեցան հայ եւ քիւրտ հասարակութիւնները յուզող ընդհանուր նիւթերու մասին եւ պիտի քննարկուին հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հետ կապուած զարգացումները, այսօրուան քիւրտերու պատերազմական իրավիճակը եւ անոնց ունեցած ընդհանուր մօտեցումները:
Պատմաբանը ներկայացուց Պիթլիսի այսօրուան իրավիճակը, ըսելով, թէ երբեմնի հայկական Բաղէշ աւանը ինչպէս սնանկացած եւ փճացած վայրի մը վերածուած է, նշելով նաեւ, որ Պիթլիսի ժողովուրդը այսօր կ'ապրի տնտեսական բաւական ծանր պայմաններու մէջ: Ըստ Սարաֆեանի, Պիթլիս քաղաքի իսկական բնակչութիւնը այսօր հեռացած է շրջանէն ե փոխարէնը հոն կայք հաստատած են շուրջի հրոյ ճարակ դարձած գիւղերուն քիւրտ բնակիչները: Սարաֆեան նաեւ նշեց, որ թրքական պետութիւնը՝ մօտ 3000 գիւղ այրած է այդ շրջաններուն մէջ:

«Հայերը՝ այսօրուան պատահարներէն տեղեակ պէտք է ըլլան. քիւրտերը ճնշուած ժողովուրդ են, ջարդի ենթարկուած են քրտական ապստամբութեան պատճառով: 1980-ական թուականներէն ի վեր քրտական գիւղերը, մէջը ըլլալով նախկին հայկական գիւղերը, պետութեան կողմէ բնաջնջուած են: Այսօր եթէ Տիարպէքիրի բնակչութիւնը հասած է 1 միլիոնի, միայն այն պատճառով, որ փախստական ժողովուրդը հոն ապաստանած է, իսկ հիմա կրկին անգամ փախստական դարձած են, որովհետեւ պետութիւնը դարձեալ յարձակած է իրենց վրայ»,-ըսաւ ան:
Մատնանշելով սփիւռքահայերու անտարբերութիւնը քիւրտերու հետ գործակցութեան կապակցութեամբ, «Արեւելք»-ի զրուցակիցը ըսաւ. «Հայերը պէտք է գիտնան՝ որմէ հատուցում պահանջել: Այսօր քիւրտերն ալ 100 տարուան ընթացքին, իրենց մաշկին վրայ զգացած են թուրքին լուծը: Իրատես ըլլանք. եթէ հայութիւնը այսօր հեռու է իր պապենական հողերէն եւ մօտէն չի հետաքրքրուիր գետնի վրայ գրանցուող դէպքերով, ամէն ինչ ապարդիւն կ'ըլլայ: Իրականութեան մէջ, այս մէկը առիթ է նոր օրակարգ պատրաստելու: Մեծ հարց է, եթէ եկողները միայն հանդիսատեսներ եւ կամ բառախաղի վարպետներ ըլլան»:
«Ցաւ կը զգամ, որովհետեւ հայերը ձեւով մը ձախողած են: «Կոմիտաս հիմնարկ»ը կուսակցութիւն մը չէ, աւելի յաջող կ'ըլլայինք եթէ այդպէս ըլլար: Մենք մեր գիտութեամբ եւ գործով միայն ցոյց տուած ենք, թէ ինչ կարելի է ընել եւ տակաւին բաց դռներ կան մեր առջեւ»,-յայտնեց պատմաբան Սարաֆեան:
«Արեւելք»-ի հարցին, թէ «Կոմիտաս հիմնարկ»ը արդեօ՞ք հեռանկարը ունի վերածուելու միութեան մը, որովհետեւ հիմնարկի մատնանշումները օգտակար են եւ տեղին, մեր զրուցակիցը պարասխանեց. «Մենք կրնանք աշխատիլ եւ կ'աշխատինք իբր խորհրդատու. այդ մէկը կրնայ ըլլալ ծածուկ կամ հանրային ձեւով, որ աւելի նախընտրելի է մեզի համար: Կը փափաքիմ տարբեր մտայնութեամբ մարդոց հետ խորհրդակցիլ, տարբեր կարծիքներով»,-ըսաւ ան, նշելով. «Երբ հայկական հարցի մասին կը խօսիմ, Մեծ Հայք կամ Արեւմտահայաստան, ազատագրում բառերը չեմ գործածեր. եթէ մէկը ինծի հարց տայ, իմ անձնական տեսակետը կը յայտնեմ, որովհետեւ իմ տեսակետս չի համապատասխանէր որեւէ ազգայնամոլ կամ ոչ իրատես մօտեցումներու, բայց այդ մէկը չի նշանակէր, որ բոլոր առումներով ալ պատրաստ չեմ տիալոկի»:
Հայկական հարցը պատմաբանին կարծիքով՝ մեռած չէ.«Մենք ենք, որ կը թոյլատրենք այդ. եթէ մեռնի, մեր դատը, ուրիշին չմեղադրենք: Մի զարմանաք եթէ ապագային ըսուի, թէ քիւրտերը հայկական հարցը լուծեցին, անոնք պէտք եղածը ըսին եւ ըրին, իսկ մերոնք պիտի կենան եւ դիտեն: Ամօթ է մեզի»:
Սարաֆեան նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց սփիւռքի մէջ երեւելի դարձած ուծացման եւ ընդհանուր նահանջին վերաբերեալ եւ ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը, ժամանակի ընթացքին կը թմրի: Մեր ղեկավարները «խաղի» մարդիկ են, անգիտուն. կամ պէտք է որակը բարձրացնել, կամ ալ պէտք եղած ժամանակ զանոնք վար առնել , որպէսզի տեղ ստեղծուի առողջ տարրերուն եւ ըստ այնմ յառաջ երթանք»,- աւելցուց ան:
Լոնտոնաբնակ հայ պատմաբանը, խօսելով «Կոմիտաս հիմնարկ»ի գործունէութեան մասին, ըսաւ. «Երկար տարիներէ կը համագործակցինք քրտական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ, մանաւանդ Պիթլիս՝ Բաղէշի մէջ: Ասիկա 2-3 տարուան հարց է, որ մենք աւելի աշխուժօրէն մեր օրակարգին վրայ դրած ենք: Թուրքիոյ մէջ կ'աշխատինք եւ որովհետեւ քրտական շրջաններու մէջ աւելի մեծ ընդունելութիւն գտած ենք, հետեւաբար աւելի մեծ յաջողութիւն կրցած ենք ձեռք ձգել»:
«Մենք սկսանք Տիարպէքիրէն: Բաւական գործ ըրինք այնտեղ: Ապրիլ 24-ի ոգեկոչում կազմակերպեցինք՝ մեր որոշմամբ, մեր օրակարգով: Քաղաքապետարան գացինք, մեզ ընդունեցին եւ առաջարկեցին, որ գիտաժողով ալ ընենք յայտնի իրաւապաշտպան Թահիր Էլչիի հետ, որ վերջերս սպաննուեցաւ»,-աւելցուց Սարաֆեան:
«Կոմիտաս հիմնարկ»ը իր այս օրինակով, յաջողութիւն ձեռք բերաւ եւ հաստատեց, որ սփիւռքը կրնայ ձայն ունենալ Թուրքիոյ մէջ, եթէ գործելու տրամադրութիւնը ունենայ:
«Մեր ձեռք բերած այս յաջողութիւնէն ետք, բազկաթոռներու վրայ նստած մտաւորականներ, թերագնահատեցին մեր աշխատանքը ըսելով, թէ Տիարպէքիր՝ դիւրին ենթահող էր. այս մէկը ըրին ինքնարդարացումի համար: Հակառակը փաստելու համար, որոշեցինք սկսիլ Բաղէշէն, որովհետեւ անձնապէս հետաքրքրուած էի: Անհատական յարաբերութիւններ ստեղծեցինք ու գործը մեծցաւ: Անհատներու եւ որոշ գործիչներու միջոցաւ ցուցահանդէս կազմակերպեցինք: Բաղէշի մէջ աշխատանքները քայլ առ քայլ, պզտիկ ծրագրերով կ'ընթանային: Այս աշխատանքին արդիւնքներէն մէկը եղաւ փողոցի մը՝ մեծանուն հայ գրագէտ՝ Ուիլիեամ Սարոյեանի անունակոչութեամբ»,-յաւելեց ան:
«Այսպէս, քայլ առ քայլ յաջողութիւն ձեռք ձգելով, կ'ուզէինք, որ սփիւռքահայերը, ի մասնաւորի մտաւորականները, այս շրջանակին միացնել, ըսելու համար, թէ Արեւմտահայաստանի հարցը մեռած հարց չէ, այնտեղ շատ տարուելիք գործեր կան, եկէ՛ք աշխատինք, թէ՛ Թուրքիոյ, թէ՛ գաղութներուն մէջ»:
«Պատրաստ սեղան կը սիրեն»,-մեծանուն գրող Րաֆֆիի այս խօսքերը մէջբերելով «Արեւելք»-ի զրուցակիցը կը շարունակէ իր յուսախաբութիւնը յայտնել սփիւռքահայութեան մեծ տոկոսին հանդէպ: 2015-ին Արա Սարաֆեան բաց նիստ մը գումարած է, որուն հրաուիրած է բոլորը, առանց որեւէ պատկանելիութեան խտրականութիւն դնելու: «Սփիւռքահայը յատուկ վերապահութիւն ունի. ըլլայ ան կուսակցական կամ ոչ. չ'ուզէր այսպիսի հարցեր տալ կամ քննարկել, որպէսզի պատասխանատուութիւն չ՛ունենայ: Կրնային գալ եւ իրենց ուզածը հարցնել ու տեղեկանալ, կրնային նոյնիսկ անկախօրէն աշխատիլ. բայց մէկը չեկաւ»:
Սփիւռքահայութեան մտքերուն մէջ Հայկական հարցը վերակենդանացնելու, եւ զիրենք գործի մղելու նպատակով Արա Սարաֆեան մեկնարկեց այս ժողովին:
«Մտածեցի՝ քիւրտ գործիչներ Անգլիա հրաւիրել, առիթ տալու անոնց, որ հոս գտնուող հայերուն հանդիպին, անոնք ալ իրենց կարգին իրենց հարցերն ու ծրագիրներ ներկայացնեն»,-յայտնեց ան «Արեւելք»-ին:
Իր զարմանքը յայտնելով, Սարաֆեան ըսաւ. «Ինչո՞ւ անհատներ, Փայլանի նման, ըլլայ այդ մէկը ճիշդ կամ սխալ, յանձն կ'առնեն այսպիսի գործեր եւ նոյնիսկ յառաջ կերթան»:
«Պատմութեան մէջ, սփիւռքը այսքան հարուստ չէ եղած, մանաւանդ նիւթապէս այսքան ազատութիւն չենք ունեցած, այսքան ալ տեղ չէ եղած աշխատելու եւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու, սակայն մերոնք թմրած են եւ խաղ կը կարծեն, բոլոր եղածները: Ցաւալի է, մենք կարծես մեռած ենք: Մենք կը դիտենք ինչպէս մարդիկ մեր երկիրը կը կործանեն, մեր անունով կը խօսին՝ իրենց հաշիւներէն ելլելով եւ մերոնք միայն ու միայն դիտողի վիճակի մէջ են: Ցաւալի է, բայց տակաւին կը յուսամ թէ որոշ երիտասարդներու վրայ ազդեցութիւն կրնամ ունենալ»,-ըսաւ Սարաֆեան:
«1981-էն ի վեր, Թուրքիոյ մէջ կ'աշխատիմ: 90-ականներուն, արխիւներուն մէջ կ'աշխատէի, այդ հարցերով կը զբաղէի: 2004-էն հայերու հետ հանդիպման առիթը ունինք, կրնայինք մեր ձայնը հնչեցնել, ոչ իբր թրքահպատակ կամ հայաստանցի, այլ իբր՝ սփիւռք: Մենք պահանջատէր կրնանք ըլլալ խոհեմ ձեւով, քայլ առ քայլ: Պիթլիսի մէջ կանգուն եկեղեցիներ ունինք կրնանք յանձն առնել զանոնք, մինչեւ աւելի ճշդապահ շրջանակներու կազմուիլը, ըլլան անոնք թրքական պետական կամ թէկուզ դուրսի աշխարհէն, որ օրինական ձեւով մեզի յանձնեն այս եկեղեցիները: Շատ կանգուն եկեղեցիներ կան, որ քիւրտերը ամբողջ 100 տարի պահած են, բայց մերոնք հետաքրքրուած չեն: «Փոքրիկ Խնձորգինի»,-10-րդ դարու եկեղեցին, տակաւին կանգուն է տեղւոյն բնակիչներուն շնորհիւ. կ'արժէ շնորհակալութիւն յայտնել անոնց, որովհետեւ շատ դիւրին էր, իրենց համար եկեղեցւոյ մը շուրջը ոսկի գտնելու նպատակով քանդելը: Ընդհակառակը անոնք պահած-պահպանած նոյնիսկ դուռ ալ դրած են: Լաւ քիւրտեր ալ կան. արտօնեցէք, որ գոնէ այս եկեղեցիները կցենք մեզի հոգեպէս. ի՞նչ կըլլայ, եթէ հոն երթանք իբր տեղացի. Արդէն 2010-ին մեծ խումբով գացած ենք, եթէ կարենանք հոն մէկ եկեղեցի իբր պզտիկ համայնք մը պահել ապագայ սերունդներուն համար մեծ գործ ըրած կ'ըլլանք: Ես կ'ըսեմ միայն մէկ հատը պահել՝ կեանքս կ'արժէ, ուր մնաց 100 հատը պահես կամ նոյնիսկ աւերակներուն տէր կանգնիս: Բազմիցս խօսած եմ այս մասին եւ գրած, երբ այսպիսի խնդիր մը արածարծուի, մերոնք կը նախընտրեն լուռ մնալ», այս բոլորը «Արեւելք»-ին յայտնեց պատմաբան Արա Սարաֆեան, միշտ հիմնուելով եւ վկայակոչելով իր անձնական փորձառութիւնը: