Այսօր «Մարիոթ» հիւրանոցին մէջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ ինք ունի ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ՝ սփիւռքի քուէն:
Ան մասնաւորապէս ըսաւ .«Մենք ունենք գլխաւոր ձայնը՝ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ձայնը: Ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ Սփիւռքի»:
«Իմ քայլը» շարժման առաջնորդը յիշեցուց, որ բազմաթիւ հայրենակիցներ այս օրերուն Սփիւռքէն ժամանած են Հայաստան եւ աշխոյժ ձեւով կը մասնակցին յեղափոխութեան:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ իրեն յայտնի՞ է՝ ինչպէս պիտի քուէարկեն «Ծառուկեան» խմբակցութեան եւ ՀՅԴ-ի պատգամաւորները, Նիկոլ Փաշինեանը նկատած է, թէ շատ լաւ կ'ըլլար, որ բոլոր պատգամաւորներու հեռախօսահամարները հրապարակուէին եւ ՀՀ քաղաքացիները անոնց հետ կապ հաստատելով՝ անոնց դիրքորոշումները իմանային: