image

«Ես ունիմ, ոչ միայն Հայաստանի ժողովուրդին այլ նաեւ Սփիւռքի քուէն» Նիկոլ Փաշինեան

«Ես ունիմ, ոչ միայն Հայաստանի ժողովուրդին այլ նաեւ Սփիւռքի քուէն» Նիկոլ Փաշինեան

Այսօր  «Մարիոթ»  հիւրանոցին մէջ    լրագրողներուն հետ հանդիպման ընթացքին  ընդդիմադիր առաջնորդ Նիկոլ  Փաշինեան   յայտարարեց, որ   ինք  ունի   ոչ միայն Հայաստանի,  այլ նաեւ՝ սփիւռքի  քուէն: 

 

Ան  մասնաւորապէս ըսաւ .«Մենք ունենք գլխաւոր ձայնը՝ Հայաստանի ու հայ ժողովուրդի ձայնը: Ոչ միայն Հայաստանի, այլեւ՝ Սփիւռքի»:

 

«Իմ քայլը» շարժման առաջնորդը յիշեցուց, որ բազմաթիւ հայրենակիցներ այս օրերուն Սփիւռքէն ժամանած են Հայաստան եւ աշխոյժ ձեւով կը մասնակցին յեղափոխութեան:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ իրեն յայտնի՞ է՝ ինչպէս պիտի քուէարկեն «Ծառուկեան» խմբակցութեան եւ ՀՅԴ-ի պատգամաւորները, Նիկոլ Փաշինեանը նկատած է, թէ շատ լաւ կ'ըլլար, որ բոլոր պատգամաւորներու հեռախօսահամարները հրապարակուէին եւ ՀՀ քաղաքացիները անոնց հետ կապ հաստատելով՝ անոնց դիրքորոշումները իմանային: