Օրերս Հայաստան այցելած մանկական երգերու մեկնաբան Թալին (Թալին Փարթամեան)՝ խօսելով իր երգարուեստին մասին ըսած է. «Ես մասնագիտութեամբ մանկավարժ եմ, իսկ ամուսինս՝ երաժիշտ, մանուկներու հետ աշխատելու ընթացքին որոշեցինք մանուկներու համար երգեր գրել եւ սկսանք մշակել մեր առաջին նախագիծը, որ մեծ յաջողութիւն գտաւ»:
Երգչուհին նշեց, որ առաջին նախագիծի յաջողութենէն ետք, մշակած են երկրորդը եւ ապա դադար առած են, ապա տարիներ անց՝ 2003-ին վերսկսած են իրենց աշխատանքը՝ արդէն պատրաստելով DVD ու CD սկաւառակներ:
«Մեր սկաւառակներուն մէջ միայն արեւմտահայերէն չենք խօսիր, արեւելահայերէնը եւս կ՛օգտագործեմ, եւ անոր նպատակը՝ բոլոր հայերուն հասանելի դարձնել մեր խօսքը: Նախնական շրջանին բոլորը համոզուած էին, որ մեր երգերը Հայաստանի մէջ ապրող փոքրիկները պիտի չլսեն, սակայն հակառակը տեղի ունեցաւ: Իւրաքանչիւր երեխայ իրեն հարազատ բան կը գտնէ մեր երգերուն մէջ եւ հաճոյքով կը լսէ: Այսօր չկայ «արեւելահայերէն-արեւմտահայերէն» մտայնութիւն, որ գոյութիւն ունէր 10-15 տարի առաջ, բոլորն ալ զիրար կ՛ընդունին»: «Երբ Ամերիկայի մէջ հայ ծնողներ մեզի կ՛ըսէին, որ մեր երգերուն շնորհիւ իրենց երեխաները հայերէն կը սորվին , հասկցանք, թե որքան կարեւոր գործ կ՛ընենք, որովհետեւ յաճախ, մեր ունկնդիրներու վկայութեամբ, միայն մեր սկաւառակներու միջոցով է,որ իրենց ընտանիքներուն մէջ հայերէն խօսք կը հնչէ: Մեր նպատակը հայերէն սորվեցնել չէ, երեխային հայերէնի հետ ծանօթացնելն եւ անոր մէջ լեզուի հանդէպ սէր յառաջացնելն է»,-ըսաւ մանուկներու սիրած երգչուհին:
Երգչուհիին եւ անոր խումբին կ՛օգնեն նաեւ տեղի հայկական միութիւններն ու կազմակերպութիւնները, առանց որոնց, երգչուհիի խօսքով, դժուար պիտի ըլլար կազմակերպել համերգներ:
Թալինը իր խօսքին մէջ նշեց նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմի սկսելէն մէկ տարի առաջ համերգներով հանդէս եկած է այդտեղ, հիացած է տեղի հայութեան հայրենասիրութեամբ, ջերմ ընդունելութեամբ, «այդքան զօրաւոր հայկական գաղութ չէի տեսած: Առիթ չէի ունեցած գտնուելու Հալէպի պէս վայրի մը մէջ. շատ զարմացած էի, շատ ջերմ էր մթնոլորտը»: Եթե ապահովութիւնը վերականգնուի երկրին մէջ, երգչուհիին խօսքով, իրենք պատրաստ են կրկին մեկնիլ ու համերգ տալ Սուրիոյ մէջ:
Նիւթի աղբիւր ՝ www.haydzayn.am