image

Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք կրնայ ճանչցուիլ. Ի՞նչ վտանգներ կ'առաջանան

Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք կրնայ ճանչցուիլ. Ի՞նչ վտանգներ կ'առաջանան

Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարարն զգուշացուցած է ԱՄՆ-ի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցուելուն վտանգաւոր հետեւանքներէն: Այս մասին կը հաղորդէ «BBC» լրատուական ցանցը:

Նախարար Այման Ալ Սաֆատի թուիթըրեան իր էջին յայտնած է, որ հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին ամերիկացի իր գործընկերոջ տեղեկացուցած է, թէ նման յայտարարութիւն Արաբական եւ Իսլամական աշխարհի մէջ բարկութեան բուռն ալիք պիտի բարձրացնէ:

ԱՄՆ Արտաքին նախարարութիւնը մինչեւ այս պահը տակաւին չէ արձագանգած Սաֆատիի յայտարարութեան:

Նշենք, որ ըստ օրերս տարածուած լուրերուն, մօտ ապագային Թրամբ պիտի կատարէ նախընտրական քարոզարշաւի ժամանակ իր տուած խոստումն ու պիտի ճանչնայ Երուսաղէմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք: