Ըստ Թուրքիոյ նախագահի՝ Պայտընն «իր արիւնոտ ձեռքերով պատմութիւն կը գրէ»: «Դուք ստիպեցիք մեզի այսպէս ըսել»,- ըսած է ան:
Էրտողանը աւելցուցած է, որ ներկայիս պայմաններուն մէջ Երուսաղէմի կառավարումը երեք կրօններու ներկայացուցիչներու յանձնաժողովի կողմէ կ'ըլլայ ամենաճիշդ ճանապարհը:
Աւելի վաղ յայտնի դարձած էր, որ, Կազայի մէջ իրավիճակի սրման հետեւանքով, Իսրայէլն ու ԱՄՆ-ն ամերիկեան զէնքի մատակարարման գործարք կնքած են: Գործարքի հիմնական նպատակը Իսրայէլի կողմէ Միացեալ Նահանգներէն ճշգրիտ ղեկավարուող հրթիռներ եւ յատուկ զինամթերք ձեռք բերելն է: