image

Էրտողանի յաղթանակի գաղտնիքներն ու սպասուող դժուարութիւնները

Էրտողանի յաղթանակի գաղտնիքներն ու սպասուող դժուարութիւնները

Ամերիկեան «Stratfor» հետախուզական կայքը յայտնած է, որ Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն յաղթանակած Էրտողան Թուրքիոյ արդի ժամանակներու հզօրագոյն ղեկավարը դարձաւ, զգուշացնելով, որ «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան յաղթանակը անվտանգութեան եւ դաշնակիցներու հետ յարաբերութիւններու առումով պիտի բարդացնէ Թուրքիոյ իրավիճակը:

Կայքը նշած է, որ յետ այսու Էրտողան պիտի ստանձնէ երկրի գործադիր իշխանութեան ղեկավարումը, որ գործնականապէս վերահսկուող մարմին չէ, հետեւաբար ան շատ մեծ լիազօրութիւններով օժտուած պիտի ըլլայ, ինչպիսիք են նախարարներու նշանակումը, պաշտօնէ ազատումը, ինչպէս նաեւ ընդհանուր պիւտճէի վերաբերեալ օրէնքներու սահմանումը:

Կայքը կարծիք յայտնած է, որ Թուրքիոյ ժողովուրդի անել կացութեան մատնուած ըլլալն է, որ առիթ տուաւ Էրտողանին վերստին ընտրուելու, որովհետեւ վերջինս ինքզինք ներկայացուցած է որպէս Թուրքիոյ խնդիրներու միակ լուծող:

Կայքը անդրադարձած է նաեւ այլ հանգամանքներու, որոնք խթան հանդիսացած են «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան յաղթանակին, նշելով, որ իշխանութեան գլուխ անցած կուսակցութիւնը տարիներ շարունակ ինք իր դիրքերն ամրապնդեց լրատուութեան, արդարադատութեան ոլորտներու եւ բանակին մէջ, իսկ 2016 թուականի յեղաշրջման անյաջող փորձը նպաստեց երկիրը ընդդիմադիրներէ մաքրազերծելու:

Անվնտանգութեան առումով, յառաջիկային Թուրքիա պէտք է պահպանէ հարաւային սահմաններու անվտանգութիւնն ու հաւասարակշռութիւն պահէ իր տնտեսական ու քաղաքական դաշնակիցներուն միջեւ, յանձինս Եւրոպայի, ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ: