«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը այս հրապարակած է լուր մը, որ կը խօսի, թէ Լիբանանի նախագահն ու վարչապետը տեղեակ էին «Ամոնիոմ նայթրէյթ»ի մեծ քանակութեամբ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ գտնուելուն մասին։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Լիբանանի ապահովական մարմիններ այս առումով զգուշացումներ յղած են նախագահ Աունին եւ արդէն իր հրաժարականը ներկայացուցած վարչապետ Հասսան Տիապին յայտնելով, որ այդ նիւթը վտանգաւոր եւ պայթիւնավտանգ նիւթ մըն է, որ կրնայ տարբեր կողմերու կողմէ օգտագործուի։
Ի դէպ նշենք, որ մինչ լիբանանեան ԶԼՄ-ներ լայնօրէն գրած են այս տեղեկութեան մասին, նախագահ Աունի եւ հրաժարեալ վարչապետի աղբիւրներ լռութիւն կը պահեն կատարուած հրապարակումին մասին։