Երեւանի մէջ պատահած դէպքը աւարտած է առանց տոյժերու։ «Էրէբունի Փլազա» համալիրին մէջ անկանոն կրակոցներ արձակած անձը յետ բանակցութիւններու յանձնած է իր զէնքն ու ապա ոստիկաններու ուղեկցութեամբ տարուած է ոստիկանութեան կեդրոն։
Ոստիկանութեան կողմէ հրապարակուած տեղեկատւութեան հաղորդմամբ, կը կատարուի հետաքննութիւն՝ ամբողջապէս պարզելու համար դէպքի հանգամանքները։
Մինչեւ այս պահը ոստիկանութեան ծառայողներ կը շարունակեն հսկել դէպքի վայրը։