image

Միացեալ Նահանգներ «յաջողութեամբ» աւարտած է Իրանի դէմ յարձակումներու նոր փուլը

Միացեալ Նահանգներ «յաջողութեամբ» աւարտած է Իրանի դէմ յարձակումներու նոր փուլը

Միացեալ Նահանգները յաջողութեամբ աւարտած է Իրանի դէմ հարուածներու ծանր ալիքը՝ ի պատասխան Միացեալ Նահանգներու ուժերու ուղղութեամբ հրթիռային յարձակման երէկուան փորձին։ Այս մասին գրուած է Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հրամանատարութեան (CENTCOM) X-ի էջին վրայ։

«CENTCOM-ի ուժերը հարուածներ հասցուցած են Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի տասնեակ թիրախներու, ներառեալ՝ ռազմական հրամանատարական կեդրոններու, հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերու կառոյցներու, ծովափնեայ հսկողութեան ու պաշտպանութեան դիրքերու, ինչպէս նաեւ ռազմածովային կարողութիւններու։ Հարուածներուն նպատակը Իրանի եւ անոր դրածոներու կողմէ Միացեալ Նահանգներու ուժերու, առեւտրային նաւարկութեան եւ Ծոցի դրացի երկիրներու սպառնացող վտանգներու հետագայ նուազեցումն էր»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Նշենք, որ աւելի վաղ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ուժերը բազմաթիւ պալիսթիք հրթիռներ արձակած էր Իրանէն՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ տեղակայուած Միացեալ Նահանգներու ռազմակայաններուն դէմ։

Այդ լոյսի ներքոյ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը յայտարարած է, որ շատ ուժեղ  հարուած պիտի հասցնեն Իրանին, քանի որ Ամերիկայի հերթն է հարուածելու զանոնք։

«Անոնք գիտեն, որ այդ տեղի պիտի ունենայ։ Անոնք կը խնդրեն մեզմէ չընել այդ։ Անոնք երէկ գիշեր 5 հրթիռով փորձեցին մեր ուղղութեամբ կրակել։ Մենք բոլորը որսացինք»,-նշած է Թրամփ։