image

Կրակոցներ Գորիսի մէջ՝ նախկին ու ներկայ մարզպետներու որդիներու մասնակցութեամբ

Կրակոցներ Գորիսի մէջ՝ նախկին ու ներկայ մարզպետներու որդիներու մասնակցութեամբ

Ժամեր առաջ Գորիսի մէջ կրակոցներ հնչած են, որու վերաբերեալ Tert.am-ին մանրամասներ յայտնի դարձած են:

Ըստ աղբիւրի` կրակոցները հնչած են Գորիս քաղաքի կեդրոնին մէջ՝ Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի հարազատներու, այդ շարքին՝ աւագ որդիի եւ Սիւնիքի ներկայ մարզպետ Մելիքսեթ Պօղոսեանի հարազատներու, մասնաւորապէս որդիի՝ Կարապետ Պօղոսեանի մասնակցութեամբ։

Ըստ աղբիւրի` կայ մէկ վիրաւոր՝ Մելիքսեթ Պաղտասարեանը, որ Սիւնիքի նախկին մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի աներձագն է։ Անոր վիճակը ծայրայեղ ծանր է, տեղափոխած են Երեւան։

Սիւնիքի մարզպետ Մելիքսեթ Պօղոսեանը Tert.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ ինքը Կապան կը գտնուի, որդիի մասնակցութեամբ կրակոցներ հնչելու միջադէպի մասին տեղեկութիւն չունի։

Ըստ տեղեկութիւններու՝ միջադէպի առիթը անցեալին ունեցած հարցերն են. կասկածներ կան, որ կրակոց արձակողը Սիւնիքի մարզպետ Մելիքսեթ Պօղոսեանի որդին է։