Թեհրանի հայկական շրջանակներուն զօրակցութիւն յայտնելու նպատակով Իրանի խորհրդարանի հայ պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան այցելած է Թեհրանի հայկական թաղամասեր։
Այս մասին գրած է Թեհրան հրապարակուող «Ալիք» օրաթերթը, նշելով նաեւ, որ Խանլարեան մասնաւորապէս այցելած է Թեհրանի Սասուն քաղաքամաս մօտէն ծանօթանալու տեղի հայ բնակիչներու ընդհանուր իրավիճակին եւ իմանալու այդ շրջաններու բնակիչներու առողջական վիճակին մասին։ Հայազգի երեսփոխանը նաեւ զրոյցներ ունեցած է հայ բնակիչներուն հետ եւ անոնց հետ կիսած իր ունեցած տուեալներն ու տեղեկութիւնները «Քորոնա» վարակին մասին։
Խանլարեան նաեւ հաղորդած է, որ վարակի վտանգաւորութեան ամենաբարձր աստիճանները կրնան գրանցուիլ մինչեւ այս ՝ մարտ ամսուան աւարտը՛ յոյս յայտնելով, որ վարակի նահանջի փուլը սկիզբ պիտի առնէ առաջիկայ ապրիլ ամսուան ընթացքին։
Նշենք, որ այցելութեան ընթացքին հայ երեսփոխանը կարեւոր թելադրանքներ կատարած է տեղի բնակիչներուն, թէ որ կողմին հետ պիտի կապուին եւ ինչ քայլերու դիմեն, եթէ իմանան, որ իրենց շրջանակին մէջ «Քորոնա» վարակով պարագայ մը գրանցուի։
«Ալիք» նաեւ կը յայտնէ, որ Խանլարեան այսօր պիտի շարունակէ իր այցելութիւնները եւ այցելէ Թեհրանի Զէյթուն թաղամաս։
Յիշեցնենք, որ առաջին անգամ «Ուհան» քաղաքին մէջ երեւցած «Քորոնա» վարակը հասած էր Իրան եւ այսօրուան կտրուածքով Իրանի մէջ այս վարակին հետեւանքով մահացածներուն թիւը հասած է ՝ 92-ի։