Այսօր արեւածագին Սուրիան դարձաւ Ամերիկ-բրիտանական եւ ֆրանսական հրթիռներու թիրախ:
Այս մասին լուրը հաղորդեց BBC Arabic կայանը հաղորդելով, որ շուրջ 35 հրթիռներ ինկած են Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ: Սուրիական «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ հակօդային պաշտպանական համակարգերը յաջողած են դէմ դնել եռակողմ դաշինքի հարուածներուն:
Լիբանանեան VDL կայանի Ուաշինկթընի թղթակիցը հաղորդեց, որ այս հարուածները կրնան կրկնուիլ եւ զինուորական գործողութիւնը կախեալ է սուրիական հակազդեցութիւնէն:
Կը սպասուի նաեւ, որ այսօր աւելի ուշ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբ խօսք մը արատասանելով անդրադառնայ զինուորական վերջին զարգացումներուն: