image

«Դո՛ւն ի՞նչ կ'ընես Ղարաբաղի համար». Համահայկական կոչ

«Դո՛ւն ի՞նչ կ'ընես Ղարաբաղի համար». Համահայկական կոչ

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, գործընկերներ,

Սիրով կը տեղեկացնենք Ձեզի, որ 2016-ի Հոկտեմբեր 20-24-ին Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ կայացած Լրագրողներու համահայկական 8-րդ համաժողովի մասնակիցները որոշեցին մեկնարկել համահայկական լրատուամիջոցներով սկսած «Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումը:

Շարժումին նպատակն է բոլոր հնարաւոր միջոցներով աջակցիլ Արցախին եւ անոր ժողովուրդի տնտեսական եւ ընկերային պայմաններու բարելաւման գործին եւ բարեկեցութեան:

Այս նպատակով կոչ կ’ընենք 2017 թուականին սփիւռքեան համայնքներու կողմէ կազմակերպուող բոլոր ձեռնարկները նուիրել Արցախին (փառատօններ, մշակութային երեկոներ, մրցոյթներ, արիւնատուչութեան ձեռնարկներ, համերգներ, ցուցահանդէսներ, դրամահաւաքներ եւ այլն), ինչպէս կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին:

Կ’ուզենք, որ 2017 թուականը համայն հայութեան համար դառնայ Արցախի տարի…

Սփիւռքի նախարարութիւնը բացած է դիմատետրի էջ, ուր պիտի հրապարակուին սփիւռքեան համայնքներու եւ սփիւռքահայ անհատներու կողմէ Արցախի համար իրականացուող բոլոր ձեռնարկները: Իրականացուող ձեռնարկները պիտի հրապարակուին նաեւ նախարարութեան «Հայերն այսօր» ել. լրատուամիջոցի համապատասխան բաժնին մէջ` www.hayernaysor.am:

Միացէ՛ք մեր դիմատետրի էջին` What Are You Doing for Karabakh? եւ հետեւեցէք շարժման գործընթացին` մաս կազմելով այս հիանալի համահայկական ձեռնարկին: Ձեռնարկները մեկնարկելու եւ հայկական աշխարհի մէջ հանրայնացնելու նպատակով իւրաքանչիւրէն կը խնդրենք նկարուիլ` պարզելով «Դո՛ւն ի՞նչ ըրած ես Ղարաբաղի համար» ցուցապաստառը (կցուած է) եւ ուղարկել մեզի` դիմատետրի էջին եւ լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակելու եւ տարածելու համար:

Մենք կը հաւատանք, որ հայկական Սփիւռքի եւ Հայաստանի միասնական ներուժով կրնաք զօրաւիգ ըլլալ Արցախի մէջ ապրող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:

 


ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ