Սուրիական բանակը եւ անոր դաշնակիցները վերջին օրերուն ուժեր կը կուտակեն Դամասկոսի հարաւային շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի «Տահէշ» կազմակերպութեան խմբաւորումները: Այս մասին հաղորդող մարդու իրաւունքներու դիտորդը նաեւ կը նշէ, որ այսպիսով՝ սուրիական ուժերը կը նախապատրաստուին ռազմական գործողութիւններ սկսիլ, ընդլայնելու համար իր վերահսկողութիւնը ամբողջ մայրաքաղաքին վրայ: Կը գրէ «Lebanon 24»ը:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Տահէշ» կազմակերպութիւնը 2015-էն իր վերեհսկողութեան տակ առած էր Եարմուքի պաղեստինեան գաղթակայանը, ինչպէս նաեւ անոր կողքը գտնուող «Ալ-հաժար Ալ-ասուատ» եւ «Ալ-Թատամոն» թաղամասերը, իսկ անցած ամիս՝ օգտագործելով սուրիական բանակի Արեւելեան Ղութային մարտերով զբաղուածութիւնը, կրցած էր իր իշխանութեան տակ առնել նաեւ «Հայ Ալ-Քատամ»ը:
Նշենք, որ «Տահէշ»ի այս շրջաներէն դուրս բերէ ետք, սուրիական բանակը պիտի յաջողի, 2012-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իր ամբողջական տիրապետութեան տակ առնել ամբողջ մայրաքաղաքը: