image

Դամասկոսը ազատգրուած. Դէպքերէն վեց տարի անց Սուրիոյ մայրաքաղաքը առանց ահաբեկիչներու

Դամասկոսը  ազատգրուած. Դէպքերէն վեց տարի անց  Սուրիոյ մայրաքաղաքը  առանց ահաբեկիչներու

Սուրիական բանակը եւ անոր դաշնակիցները վերջին օրերուն ուժեր կը կուտակեն Դամասկոսի հարաւային շրջանին մէջ, ուր կը գտնուի «Տահէշ» կազմակերպութեան խմբաւորումները: Այս մասին հաղորդող մարդու իրաւունքներու դիտորդը նաեւ կը նշէ, որ այսպիսով՝ սուրիական ուժերը կը նախապատրաստուին ռազմական գործողութիւններ սկսիլ, ընդլայնելու համար իր վերահսկողութիւնը ամբողջ մայրաքաղաքին վրայ: Կը գրէ «Lebanon 24»ը:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ «Տահէշ» կազմակերպութիւնը 2015-էն իր վերեհսկողութեան տակ առած էր Եարմուքի պաղեստինեան գաղթակայանը, ինչպէս նաեւ անոր կողքը գտնուող «Ալ-հաժար Ալ-ասուատ» եւ «Ալ-Թատամոն» թաղամասերը, իսկ անցած ամիս՝ օգտագործելով սուրիական բանակի Արեւելեան Ղութային մարտերով զբաղուածութիւնը, կրցած էր իր իշխանութեան տակ առնել նաեւ «Հայ Ալ-Քատամ»ը:

Նշենք, որ «Տահէշ»ի այս շրջաներէն դուրս բերէ ետք, սուրիական բանակը պիտի յաջողի, 2012-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իր ամբողջական տիրապետութեան տակ առնել ամբողջ մայրաքաղաքը: