image

Դամասկոսի «վերջին» մարտերը. Թէժ պայքար Տումայի շուրջ

Դամասկոսի «վերջին» մարտերը. Թէժ պայքար Տումայի շուրջ

Հաշուած ժամեր անց, Դամասկոսի մուտքին, սուրիական բանակի եւ Տումայի մէջ տեղակայուած «Ժայշ Ալ-Իսլամ»ի ահաբեկչական խումբերու միջեւ տեղի պիտի ունենայ ամենակատաղի կռիւը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ սուրիական բանակի զինուորներու թիւը 15 հազար է, իսկ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներու թիւը 11 հազար, որոնց միացած են նաեւ Ղութայի միւս շրջաններէն դուրս չեկող 7 հազար ահաբակիչներ:

Աղբիւրը կը յայտնէ, որ Սուրիական բանակը ժամեր անց պիտի ներխուժէ Տումա, որմէ 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի, յիշեցնելով սակայն, որ «Ժայշ Ալ-Իսլամ»ը Թաու տիպի հակաթանկային հրթիռներ ունի եւ ականուած գօտիներ կը կրէ, ինչպէս նաեւ ամբողջ Տումայի շուրջը պայթուցիկ սարքեր տեղադրած է: Անոնց մարտերը բացայայտ չեն, որովհետեւ մեծ քանակութեամբ գետնուղիներ փորած են, մինչ սուրիական բանակի դիրքը բացայայտ է, եւ ան պիտի հարուածէ այդ գետնուղիներու ուղղութեամբ:

Մարտերուն մեծ հաւանականութեամբ պիտի  մասնակցի նաեւ  ռուսական օդուժը, որ Տումայի վրայ ուժեղ ռմբակոծութիւն պիտի իրականացնէ, նախքան սուրիական բանակի յարձակման մեկնարկը: